Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ անոր տիկնոջ՝ Յասմիկին, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ թեմի հոգեւորականաց դասուն՝ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Արամ Ա. կաթողիկոսի Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր ձեռնարկներու:
Յայտնենք, որ թեմի հոգեւորականաց դասը, եկեղեցականաց համագումարէն անմիջապէս ետք, կը վերադառնայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը: