
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Նախորդ երկու յօդուածներուն մէջ, կը յիշէ՞ք, յարգելի՛ ընթերցող, ինչպէս հայկական գրականութեան «խառն» էջերը թերթելով՝ համոզուեցանք, թէ խառն էր աշխարհը. Ժամանակները խառն. հոգիները խառն: «Խառն» բառի կոկիկ պատմութիւնն էր անիկա: Կարդացինք նաեւ, որ աշխարհը կը պատրաստուէր մեծ խառնակութեան մը: Ապա, մամուլի մէջ ես լսեցի պատերազմի մը թմբուկները. Խլացնող, խելագարող: Մտածելով, որ այս աղմուկի եւ թոհուբոհի պատճառը «թմբուկ» բառն է՝ որոշեցի գրի առնել իր հնչեղ պատմութիւնը: Ձեզ կը վստահեցնեմ՝ անոր գրական անցեալը այնքան ալ սահմռկեցուցիչ չէ՛, որքան անոր ձայնը այսօր: Ուստի, գիշերային այս անդորր ժամուն, ձեր բազկաթոռին մէջ, լուսամփոփի մեղմ լոյսին տակ, դուք խաղաղօրէն ունկնդրեցէք անոր առասպելախառն եւ հեշտալուր հեքիաթը:
ԹՄԲՈՒԿԻՆ ՀԵՌԱՒՈՐ ՁԱՅՆԸ
Չենք գիտեր, թէ Հայկական լեռնաշխարհի վրայ առաջին անգամ ո՛վ հարուածեց թմբուկը եւ արձակեց անոր դոփիւնը: Բարեբախտաբար, լեզուաբան այրեր կարծիք յայտնած են այն մասին, թէ ի՛նչ է «թմբուկ» բառի արմատը: Պարսկական բառ է անիկա, կ՛ըսեն. ծագումն է «tonbak, tombak» բառը: Հարուածային այս մորթապատ նուագարանը յոյներու եւ լատիններու «tympanum» կոչածն է: Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, այս մեծաձայն նուագարանը միանուագ է: Թերեւս սա է պատճառը, որ ածանց եւ բարդ բառերու բազմաձայնութեան մը ծնունդ չէ տուած անիկա: «Թմբուկ» բառով կազմուած ունինք հազիւ չորս՝ ընդամէնը չորս բառ. թմբկահար, թմբկահարիկ, թմբկահարութիւն եւ թմբկաթաղանթ: Իսկ «թմբկագործ» բառը, աւա՜ղ, մնացեր է 19րդ դարու բառարաններուն մէջ: Այս բառերը իրենց գրական հնչումները ունեցած են միջնադարուն: Մինչեւ այսօր ալ լսելի են անոնց արձագանգները. «Իշխանք ՛ի մէջ օրիորդաց թմբկահարաց», «Զմարմնաւոր թմբկահարութիւնս ընդ հոգեւորսն», «Կայթէր կաքաւէր թմբկահարիկ աղջիկն», «Բախեալ զթմբուկն յաղթութեան»:
ԼՌԵՑ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԹՄԲՈՒԿԸ
Աստուածաշունչ մատեանը յայտնի է թմբուկի արձակած ձայնով: Ահա քանի մը եղանակ. «Երգեցէ՛ք Տեառն թմբկօք», «Ուրախութեամբ եւ արուեստականօք թմբկաց», «Զթմբուկն ի ձեռն իւր»: Թմբուկ բառը 21 անգամ հնչած է Սուրբ Գիրքին մէջ: Ներկայանալի թիւ՝ նուագարանի մը համար: Իսկ յաջորդ երկու տողիկներուն մէջ ան դարձած է քնարական. «Կոյսդ Իսրայէլի. Դարձեալ առցես զթմբուկ քո… Լռեցին ուրախութիւնք թմբկաց»:
ԱՅՍՊԷՍ ԽՕՍԵՑԱՒ ԹՄԲՈՒԿԸ
Հարսանիքի ժամանակ կամ պատերազմի դաշտին՝ ահեղաձայն է թմբուկը, կասկած չկայ: Ան հնչեղ է եղած նաեւ գրական արտայայտութիւններու մէջ: Ամէնէն սարսափելին անշուշտ «Պատերազմի Թմբուկներ» կոչուած դարձուածքն է: Թմբուկ հարուածելը, հին հայերուն համար՝ «Թմբուկ ածել» էր: Մեր հիները նաեւ ըսին. «Թմբուկ ի գումար զօրաց»՝ իրիկնային հաւաքի թմբկահարութիւն, «Թմբուկ դառնալ»՝ փորը ուռիլ, «Թմբուկ պատռել»՝ ուժգնօրէն թմբկահարել, «Դափիւն թմբկի»՝ թմբուկի ձայնը, «Դափել կամ արկանել թմբուկ»՝ թմբուկ նուագել: Իսկ թմբուկը հարուածելու ծառայող փայտէ ձողիկները կոչած ենք՝ «Դափիչ թմբկի»: Թմբուկը նաեւ մտաւ մեր ականջին մէջ, դարձաւ անոր թրթռացող թաղանթը՝ «Թմբուկ ականջաց»:
ՍԱՍՈՒՆԻ ԹՄԲՈՒԿԸ
Երբ Սասունցի Դաւիթ քանդեց Ծովասարի որսատեղիի պարիսպները եւ ազատ արձակեց գազանները, Մսրայ Մելիքը զայրացաւ, այնքա՛ն բարկացաւ, որ կատղած՝ վէրք բացաւ իր ձեռքին վրայ եւ իր իսկ արիւնով գրեց հրաման սպառնաձայն.
«Ինձ պէտք են, պէտք են
հազար-հինգ հազար…
թմբուկ զարնող,
Սասունայ վերէն թալանեմ
բերեմ, թալանեմ բերեմ»:
Եղաւ պատերազմ: Սասունը յաղթանակեց: Եղաւ խաղաղ կեանք: Եղաւ ուրախ օր: Բացուեցաւ հայոց առաւօտը: Զէնքի տեղ մանգաղ եւ գերանդի բռնեց կտրիճը: Կապուտակ ծուխը բարձրացաւ կտուրներէն: Ապա, Սասունի ուրախ թմբուկը հնչեց.
«Դը՛մբ, հա՜, դրը՛մբ,
թմբուկ զարկին»
ՍՐՏԱԿԻՑ ԹՄԲՈՒԿԸ
«Թմբուկ» բառը, հակառակ իր ահեղ տեսքին եւ ձայնին, որոշ օրեր՝ դարձաւ մեղմաձայն, քնարական, երբ երկու միջնադարեան տաղասացներ բարեխղճութեամբ մշակեցին զայն:
Առաջինը 1500ներուն ապրած Գրիգոր Վանեցին էր. «Խրատ հոգեւոր եւ առակաւոր վասն սայլ»ջ բանաստեղծութեան մէջ, ան խօսեցաւ սայլ դարձած ծառի մը հետ: Բանաստեղծը կողկողացող սայլէն խրատ ստացաւ, թէ՝ կեանքը դատարկ է եւ պէտք չէ ըլլալ սնափառ: Սայլը ճռնչալով յիշեց իր անցեալի անվերադարձ փառքը եւ ըսաւ, թէ հին օրերուն սիրունատես մանուկներ կը նստէին իր շուքին տակ ու՝ «…Թմբուկ եւ քնար առեալ երգէին»: Իսկ Պետրոս Ղափանցին, 1772 թուականին բացատրեց, թէ խրատ առնելու համար, իմաստուն մարդուն աչքի մէկ թարթը բաւ է, իսկ խուլին՝ թմբուկ չբաւէ. («Երգարան», Պետրոս Ղափանցի, Կ. Պոլիս, 1772, 130 էջ):
«Գիտնոց արանց եւ իմաստնոց կատարելոց,
Թարթիւ աչաց նշանացեալ է բաւական,
Այլ շինացւոց՝ անտոհմ, անվարժ մերապիսեաց,
Դափ եւ թմբուկ անցուցանել՝ չէ՛ բաւական»:
ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ԹՄԲՈՒԿԸ
Մաղաքիա Օրմանեան «Ազգապատում» աշխատասիրութեան մէջ ըսաւ, որ ռուսական բանակի հայ կամաւորականներու հայագունդի իւրաքանչիւր վաշտը ունէր 800 զինուոր, 80 ենթասպայ, 40 սայլապան, հրամանատար մը եւ 8 թմբկահար: Իսկ Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, «Աշխարհագրութիւն Չորից Մասանց Աշխարհի» աշխատասիրութեան մէջ գրեց, որ Սեբաստիոյ բերդէն ամէն օր երկու անգամ կը լսուէր թմբուկի ձայն, մէկը՝ արեւածագին, միւսը՝ մայրամուտին, եւ այդ գործը վստահուած էր հայերուն. «Յայս բերդ կրկին անգամ յաւուրն հարկանեն թմբուկ. որոյ հարակնօղք են հայք»:
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԹՄԲՈՒԿԸ
«Թմբուկ» բառի երկրպագու բանաստեղծն է Ղեւոնդ Ալիշան: Անոր գրիչին կը պատկանին բազմաթիւ քնարական արտայայտութիւններ: Ահա երեք քաղցրահնչիւն տողիկներ. «Բոմբիւնք թմբկաց տոփեն լերանց ի լերինս. Հայկայ հրաւէր վառէ զորդիս դիւցազինս», «Վազեն մանկունք թմբկահար / Ընդ Բագրեւանդ ճանապարհ», «Հնչեցին երգք հարսանեաց, դոփեցին թմբուկք տօնականք»: Յովհաննէս Թումանեանը «Լոռեցի Սաքօն» քերթուածին մէջ մեզի նկարագրեց խնճոյքի գրական պատկեր մը. «Խնջոյք են սարքում, / Զուռնա են ածում, թմբուկ են զարկում»: Շահան Շահնուր ըսաւ, որ դար մը առաջ Պոլիսն էր մեր մայր թմբուկը, ոչ՝ Կովկասը. «Հանճարը կրնայ ծնիլ գաւառի խորը, բայց մայրաքաղաքն է, որ զայն կը նուիրագործէ: Ա՛ն է, որ կը տարածէ համբաւը, ըլլալով արձագանգիչ թմբուկ: Եւ մեր մայրաքաղաքը Պոլիսն էր: …Կովկասահայ զանգուածը մնացած էր ռուսամոլ, ծիծաղելի սնոպիզմով եւ անպատրաստ, իր ցրուածութեա՛մբն իսկ՝ թմբուկի դերին»: Վերջապէս, 1922 թուականին, Գեղամ Սարեանի քնարը հարստացաւ նոր, պայծառ հնչիւններով: Բանաստեղծը խանդավառուած էր վերածնած եւ ծաղկող հայրենիքով.
«Հազար թմբուկ խփեն թող,
Այս առաւօտ»:
ՀԻՆԱՒՈՒՐՑ ԹՄԲՈՒԿԸ
«Թմբուկ» բառը բազմատաղանդ է, կարելի է ըսել՝ բազմաձայն: Միջնադարուն ան դարձաւ ճարտարապետական շինուածք՝ եկեղեցւոյ գմբէթի վարի գլանաձեւ մասը՝ իր «ութանիստ» եւ «բոլորշի» տեսակներով: Տիգրանակերտի մէջ տեղանուն էր անիկա՝ «Թմբկահարներու աշտարակ», քաղաքի պարսպաշարի համալիրի աշտարակներէն մէկը: 1962 թուականին, բառս դարձաւ գիրք. 1910ին Բաղէշ ծնած, Նախիջեւանի, Նոր Բայազետի եւ Լենինականի մանկատուներուն մէջ մեծցած, ապա՝ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն բանակի ատամնաբոյժ, Երեւանի բժշկական ուսումնարանի դասախօս, 50ի չափ մանկական թատերախաղերու հեղինակ, բանաստեղծ, թատերագիր Վիկտոր Վարդանեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն «Թմբուկ» անունը կը կրէր: Իսկ 1973 թուականին, եւ սա «Թմբուկ» բառին կատարած ամէնէն հանրայայտ եւ պատկերաւոր դերն էր, բառս Ներքին Բազմաբերդ գիւղին մէջ նկարահանուեցաւ իբրեւ շարժապատկեր՝ սասունցիներու հայկական աւանդական հարսանիքը ներկայացնող եւ 23 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող «Հինաւուրց Թմբուկ» ֆիլմը:
ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԹՄԲՈՒԿԸ
«Թմբուկ» բառը, կը հաւատա՞ք, 17 Նոյեմբեր 1875ին Պոլսոյ «Francais» թատրոնին մէջ բեմ բարձրացաւ, երբ «Լէպլէպիճի Հորհոր Աղա» երաժշտախառն թատերախաղի անդրանիկ բեմադրութեան ընթացքին, հանդիսատեսը զայն լսեց լէպլէպի ծախողներու խմբերգին մէջ: Այս ոգեւորիչ երգով, այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի հրաժեշտ կու տամ, մաղթելով, որ աշխարհի մեծ խառնակութեան աւարտին այլեւս հնչէ մե՛ր թմբուկը.
«Մենք քաջ տոհմի զաւակներն ենք, չենք վախի…
Ուրեմն՝ յառա՛ջ, զարկենք թմբուկ յաղթական»: