Հայ Քոյրերու վարժարանը 2006-2007 տարեշրջանը եւս յաջողութեամբ բոլորեց, իր առաքելութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։
Վարժարանի երեք բաժիններն ալ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ, բոլորեցին իրենց ուսումնական ծրագիրները՝ պատրաստ փոխանցուելու յաջորդ ուսումնական շրջանին։ Անոնք գեղեցիկ հանդիսութիւններով ստացան իրենց վկայականները, հպարտօրէն հարստացնելով Հայ Քոյրերու վարժարանի շրջանաւարտներու ցանկը։
Շաբաթ, 9 Յունիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը, անհաւատալի գեղեցկութեամբ։ Անոնք ներկայացուցին նշանաւոր «Ծընկըլ մընկըլ»ը երգերով, պարերով, պատումներով։ Յատկանշական էր ծիտիկը՝ Ալիք Մալաքեան, որ իր ներկայացնելու եւ արտայայտուելու ձեւով կը դրսեւորէր իսկական փոքրիկ դերասան մը: Նուազ ճարտար չէին մնացեալ բոլոր աշակերտներն ալ, որոնք անպայման որ բաժին մը ունէին պատմութիւնը յստակօրէն ներկայացնելու եւ միջոցին գեղեցիկ պարերով ամբողջացնելու մթնոլորտը, մանաւանդ վերջին հայկական հարսանիքը, հարսը՝ Նանօր Տէր Պետրոսեան այնքան նազանքով կը պարէր. նաեւ հարսնեւորներն ու խնամիները իրենց մաղթանքներով իսկական հայկական հարսանիքի մթնոլորտ մը կը ստեղծէին, խանդավառելով հանդիսատեսները։
Այսպիսով անոնք պարերով, երգերով եւ արտասանութիւններով վկայուեցան ու մանկական աշխարհին հրաժեշտ տուին, մեծ ոստումով մը կատարելով դէպի նախակրթարան։
Նոյնն էր պարագան նախակրթարանի աշակերտներուն, որոնք նոյն յարկէն ներս մնալով հանդերձ, կարդացին հրաժեշտի իրենց խօսքերը, արտասանեցին երգեցին ու պարեցին՝ Շաբաթ, Յունիս 16, 2007ին ստացան համապտասխան վկայական, անցնելու աւելի պատասխանատու շրջան մը՝ միջնակարգ։
Ութերորդ դասարանի պարագային, աշակերտները ոչ միայն հրաժեշտ պիտի տային միջնակարգին, այլ նաեւ պիտի բաժնուէին իրենց երկրորդ տունը դարձած վարժարանէն, հոն ձգելով իրենց կեանքի առաջին անմոռանալի յիշատակները։ Առ այդ, անոնց հրաժեշտի արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցիէն։ Կիրակի, Յունիս 10ին, Ս. Գրիգոր եկեղեցին տարբեր հանդիսաւոր երեւոյթ մը ստացած էր. արդարեւ այդ օր արարողութեան կը մասնակցէին Հ.Ք. վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։ Անոնք եկած էին Աստուծոյ, իրենց հոգիներուն մէջ քրիստոնէական առաջին սերմերը ցանող առաքինազարդ քոյրերու, իր պատարագներով եւ դաստիարակիչ քարոզներով զիրենք յորդորող վարդապետին, դաստիարակներուն ու ծնողներուն ներկայութեամբ իրենց ուխտը կատարելու, խոստանալով ըլլալ լաւ քաղաքացիներ եւ պատուաբեր հայ քրիստոնեաներ։ Յուզումնալից արարողութեան աւարտին, ծնողք, աշակերտ, պատասխանատու՝ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վերադարձան, կրկին հանդիպելու Կիրակի, Յունիս 17ին, վարժարանի սրահէն ներս։ Շրջանաւարտները 11 տարիներու աշխատանքէ, նախապատրաստութենէ վերջ, լիցքաւորուած անհրաժեշտ գիտելիքներով, սպառազինուած՝ ազգային կրօնական դաստիարակութեամբ, հրաժեշտ տուին մեկնելու դէպի տարբեր միջավայրեր եւ տարբեր երկրորդական վարժարաններ։
Հանդիսութեան ընթացքին, ներկայացուեցան պաշտօնական խօսքեր տնօրէնութեան եւ դաստիարակներու կողմէ: Նաեւ, աւարտական աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր սրտի խօսքը, երախտագիտութիւնը եւ տարիներու յիշատակները՝ ստեղծելով զգացական մթնոլորտ, խլելով ծնողներու ծափողջոյններն ու արցունքները։ Այսպիսով, անոնք իրենց շրջանաւարտի գլխարկները մէկ կողմ թողած, ուղղուեցան դէպի աղբիւրը լոյսի։
Կը շնորհաւորենք բոլոր շրջանաւարտները, կը շնորհաւորենք եւ կը գնահատենք բոլոր ծնողքները եւ դաստիարակները. իրենց համագործակցութեամբ խումբ մը հայորդիներ եւս պատրաստ են սկսելու իրենց ուսումնական նոր շրջանը։
Մեր մաղթանքն է յարատեւ եւ աննկուն կամք՝ հասնելու կատարեալին։