Կիրակի, Յուլիս 1, 2007, կ.ե. ժամը 5ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ շարականներու եւ հոգեւոր երգերու համերգ, որ կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ի ներկայութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի, եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Տիկնանց միութեան, գաղութիս քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, երիտասարդաց խմբակներու կեդրոնական վարչութեան ատենապետին, երիտասարդաց եւ պատանեաց խմբակներու անդամ-անդամուհիներուն եւ շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդին։
Բացման խօսքը կատարեց Խորէն քհնյ. Պապօշեան, որ յանուն Փասատինայի Հայց. առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն, ջերմօրէն ողջունեց ներկաները, ապա յիշեցուց բոլորին, որ այսօրուան հոգեւոր համերգը շարունակութիւնն է անցեալի հոգեւոր հանդիսութեանց, ինչպիսին էր հայ Գիրերու գիւտին 1600ամեակը, Հայ ընտանիքի տարին, Հայ դպրոցի տարին, Հայ լեզուի տարին, եւայլն. առաւել եւս շարունակութիւնն է այն հոգեմտաւոր ոսկեայ շղթային, որուն նպատակն է հայ ժողովուրդին մէջ ամրացնել եւ յաւերժացնել հայ մշակոյթին սէրն ու գուրգուրանքը։ Ապա բեմ բարձրացան եկեղեցւոյ երիտասարդաց եւ պատանեաց խմբակցութեան անդամ-անդամուհիները, որոնք յայտագրի ընթացքին, մէջ ընդ մէջ փունջ մը սաղմոսասուցութիւն կատարեցին։
Հոգեւոր երգերու այս ներկայացումով ներկայ բազմութեան հոգեւոր ճաշակ ստանալու պատեհ առիթ եղաւ, երբ Սալբի Քէլէշեան եւ իր երկու դուստրերը՝ Սարինն ու Սելան, իրենց քաղցրահնչիւն եւ դիւթիչ ձայնով սփոփեցին հաւատացեալներուն հոգիները։ Ներկայ բազմութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ծափողջոյններով, որ երգի միջոցաւ կրցաւ փառաբանել զԱստուած։
Համերգի աւարտին, գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց եկեղեցւոյս հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը, Կիրակնօրեայի եւ Երիտասարդացի պատասխանատուները ու յատկապէս Սալբին եւ իր կողակիցը՝ Սարգիսը, շեշտելով այն, որ Սալբին այս համերգով աւելի հարստացած կը ներկայանայ ժողովուրդին, որովհետեւ ահաւասիկ անոր կը միանան իր երկու սիրասուն զաւակները։ Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ իրենց սրտերը միշտ բանան Տիրոջ ներկայութեան, զգոյշ ըլլան այլասերիչ ու խաբող որոմներէ, որոնք հաւատացեալները կրնան շփոթի մատնել եւ ճշմարիտ հաւատքէն հեռացնել։ Սրբազանը նաեւ կոչ ուղղեց պատանիներուն եւ երիտասարդներուն՝ համախմբուելու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին շուրջ եւ իրենց ծառայութեամբ արժեւորելու ազգային ու եկեղեցական իրենց կեանքը։
Սրբազան հօր «Պահպանի»չով վերջ գտաւ օրուան հոգեպարար համերգը, եւ ներկաները գոհունակ սրտով խաղաղութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։