Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատունը հրապառակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն միջոցաւ կը տեղեկացնէ հետեւեալը.
«Առաւել քան 100,000 անձեր Լեռնային Ղարաբաղէն փախած են Հայաստան՝ ապահովութիւն, ուտելիք, ապաստան եւ հետագային ապրուստի միջոցներ գտնելու համար։ Միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնը եւ հասարակութիւնը կը գործադրեն բոլոր ջանքերը այդ մարդոց օժանդակելու ուղղութեամբ՝ յատկապէս ձմրան նախօրեակին:
«Ծայրայեղ այս կացութեան արձագանգելու նպատակով, Զուիցերիա 1.5 միլիոն զուիցերական ֆրանք (1.7 միլիոն տոլար) յատկացնելու նախնական որոշում տուած է՝ տեղւոյն վրայ մարդասիրական գործողութիւններուն համակողմանիօրէն աջակցելու համար։ Երեք առանցքային դերակատարներու՝ ՄԱԿի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրին (PAM, Programme Alimentaire Mondial), ՄԱԿի Գաղթականներու օգնութեան ծրագիրին (RRP) եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (CICR) միջեւ հաւասարապէս բաշխուած (իւրաքանչիւրին՝ 500,000 զուիցերական ֆրանք) գումարները պիտի ուղղուին գաղթականներու կենսական կարիքները բաւարարելու նպատակին»։