
ԳՈՀԱՐԻԿ (ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ) ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1934ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Գոհարիկ (Գալայճեան) Սասունեանի մահը, որ պատահեցաւ 8 Նոյեմբեր 8, 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2023ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցուոյ մէջ, 58 South Sierra Madre Blvd., Pasadena, ապա թաղումը՝ ժամը 11։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Drive, Los Angeles:
Սգակիրներ՝
Եղբայրը՝ Սարգիս Գալայճեան
Եղբայրը՝ Յարութ եւ Անահիտ Գալայճեան եւ զաւակը՝ Յակոբ
Զարմուհին՝ Հուրիկ Գալայճեան (Լիբանան)
Քրոջ դուստրը՝ Մարօ եւ Յարութ Մաթոսեան եւ դուստրերը՝ Լոռիկ եւ Գասպար Պէրպէրեան եւ զաւակները՝ Առէն եւ Արաքս, եւ Արմիկ եւ Զարեհ Մանուկեան եւ դուստրը՝ Այգի
Քրոջ որդին՝ Զարեհ եւ Քէրըն Պաղտասարեան եւ զաւակները՝ Թամարա, Մարկ, Զարեհ եւ Կլորիա
Քրոջ որդին՝ Իշխան Ճինպաշեան եւ Լենա Պապայեան
Քրոջ դուստրը՝ Բեկի Ճինպաշեան
Քրոջ որդին՝ Վարուժ Ճինպաշեան
Քրոջ դուստրը՝ Արփի եւ Ճօ Գրիգորեան եւ իրենց զաւակները՝ Սօսէ եւ Սեւան
Եւ համայն Գալայճեան, Սասունեան եւ Տէփոյեան ընտանիքները, ազգականներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մասնաճիւղին կամ Վարդանանց Դուստրերու »Վարդենի« Օթեակին։