13 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ գործարարութեան եւ առեւտուրի պետական նախարար Թիմըթի Մինթօ:
Ներկաները գրառումներ կատարեցին դեսպանութեան պատուոյ հիւրերու մատեանին մէջ, ուր Միրզոյեան գրեց հետեւեալը. «Շուրջ երեք տասնամեակ Հայաստանը եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը ջանքեր են գործադրել երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ: Համոզուած եմ, որ ՀՀ նոր դեսպանութիւնը հնարաւորութիւն կը տայ գալիք տասնամեակների ընթացքում խորացնել առկայ հիմքերը՝ բացայայտելով նոր հեռանկարներ, դիմագրաւելով ժամանակակից մարտահրաւէրներին եւ սպառնալիքներին: Լոնդոնի սրտում գտնուող այս շէնքում ՀՀ դեսպանութեան տեղակայումն ի ցոյց է դնում մեր պատրաստակամութիւնը խորացնելու եւ նոր թափ հաղորդելու հայ-բրիտանական յարաբերութիւններին՝ ի շահ մեր երկու ժողովուրդների»: