Կազմակերպութեամբ Լոնտոնի Հայ Դատի գրասենեակին, հետաքրքրական եւ յիշատակելի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Մայիս ամսուան ընթացքին, որ ոգեւորեց շրջանի գաղութը։
Հրաւիրուած էր դիւանագէտ եւ Արցախի ազգագրութիւնը ուսումնասիրող Ռոպէր Աւետիսեանը։ Ան յատկապէս հրաւիրուած էր դասախօսելու Արցախի ազգագրութեան մասին՝ հին ժամանակներէն մինչեւ ներկայ օրերը, ինչպէս նաեւ՝ բացատրելու միջոցները, որոնք կը նպաստեն խաղաղ եւ բարգաւաճ հանրապետութիւն մը ունենալու։ Այս ձեռնարկը Արցախի ազատագրման 15ամեակին առթիւ էր։ Ան ըսաւ, թէ Ստեփանակերտի մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 15ամեակը, Արցախի պաշտպանութեան, բանակի հիմնադրութեան 15ամեակի եւ հայրենական պատերազմի եռատօնը:
Լոնտոն իր այցելութեան ընթացքին Ռոպէր Աւետիսեան այցելութիւն տուաւ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսին եւ Սթեֆըն Պաունտին. ան նաեւ հրաւէր ստացաւ հանդիպում մը ունենալու Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Վահէ Գաբրիէլեանին հետ։ Աւետիսեան նաեւ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն՝ Ղարաբաղի իրավիճակին մասին։ Այս հարցազրոյցը սփռուեցաւ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածքին։ Ան նաեւ հրաւէր ստացաւ հանդիպելու «Կովկասեան յայտագիրի հաշտութեան միջոցներ»ու խմբագիրներուն հետ՝ տեսակէտներ փոխանակելու համար։
Ան յայտնեց, թէ ընդհանրապէս շատ ուրախալի է, որ Մայր հայրենիքէն զատ աշխարհասփիւռ հայութիւնը նոյնպէս կը նշէ այս տօնը՝ իբրեւ իր սեփական յաղթանակը: Ան ըսաւ, թէ այս յաղթանակը պատահական չէ, որովհետեւ Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին հիմնական գրաւականը, յաջողութեան գրաւականը նաեւ այն է, որ ազգը միասնակամ հանդէս եկած է: Հետեւաբար, անոր համար յստակ էր, թէ հայերը միասնակամ կերտեցին յաղթանակը, ապա բնական է նաեւ, որ միասնակամ պէտք է տօնեն զայն:
«Եւ շատ ուրախալի է, որ նման ձեռնարկներ աշխարհի տարբեր երկիրներուն, որոնց շարքին նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կը կատարուին», ըսաւ ան։
Աւետիսեան իր դասախօսութեան աւարտին պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, որոնք հետաքրքրուած էին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու Արցախի մասին։ Ան կարեւոր համարեց Արցախի ազատագրական պայքարը։ «Յատկապէս Շուշիի ազատագրումը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր կը նկատուի։ Արդարեւ, վերջին տասնամեակներուն, ինչու չէ նաեւ՝ դարերուն ընթացքին, հայութիւնը այսքան շօշափելի յաջողութեան հասած չէր: Շուշիի ազատագրութիւնը կարեւոր կը նկատուի նաեւ, որովհետեւ նոր հաւատք եւ յոյս պիտի ներշնչէ հայութեան՝ իր մնացեալ կորսուած իրաւունքներուն վերատիրացման ուղղութեամբ: Այս մէկը առաջին յաջողած քայլն է այդ ուղղութեամբ», ըսաւ ան։
Դասախօսը շեշտեց, թէ Արցախի հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկը կը մնայ վերաբնակեցումը: Այս գծով ան յայտնեց, թէ շատ աշխատանք կայ տանելիք։ Ան ըսաւ, թէ այս վերաբնակեցման աշխատանքը Արցախի կամ Հայաստանի պետութեան գործը չէ միայն։ «Համահայկական գործ պիտի ըլլայ, որովհետեւ համայն հայութեան ուժերով միայն այս մեծ ծրագիրը կարելի է կեանքի կոչել։
«Այս ուղղութեամբ որոշ քայլեր կը կատարուին։ Ցայսօր առնուած քայլերը անհամեմատ անբաւարար եւ քիչ են յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար։ Համայն հայութիւնը պէտք է լուրջ, կարեւոր եւ որոշակի գործնական քայլերու ձեռնարկէ այս բացը շտկելու համար, այլապէս ժամանակի ընթացքին մենք կրնանք կորսնցնել մեր ձեռք բերած յաջողութիւններուն պտուղները», աւելցուց դասախօսը, որ յստակօրէն նշեց, թէ կարգ մը հիմնական հասկացողութիւնները կ՚առանձնացուին։ Այսպէս, Արցախը պէտք է ունենայ իր ապահովութեան երաշխիքները եւ միջերկրային վիճակէն դուրս գայ։ Նաեւ, այս հողը պէտք է ընդհանուր սահմանով միացած ըլլայ Մայր Հայաստանին: Հետեւաբար ան պնդեց, թէ հողի հարց չկայ եւ ազատագրուած տարածքները հայրենիքի անբաժան մաս են: Նշենք, թէ հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ նշուած է, որ մինչեւ բանակցային գործընթացի աւարտը Արցախի հանրապետութիւնը իր իրաւական գոյութիւնը կը տարածէ ազատագրուած տարածքներուն վրայ: Ասիկա կարեւոր կը նկատուի նաեւ անով, որ իրաւական առաջին արձանագրութիւնն է, ուր Արցախը իր իշխանութիւնը կը տարածէ ազատագրուած տարածքներուն վրայ:
Աւետիսեան նաեւ այցելութիւն տուաւ կարգ մը միութիւններու, ինչպէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, ուր հանդիպումներ ունեցաւ պատասխանատուներուն հետ եւ սկաուտներուն գնահատական եւ քաջալերական խօսքեր ուղղեց իրենց ունեցած գործունէութեան համար։
Աւետիսեան նաեւ ներկայ գտնուեցաւ կլոր սեղանի մը, որուն ընթացքին հայ երիտասարդներ զանազան հարցումներ ուղղեցին եւ քննարկեցին որոշ կարեւոր հարցեր, որոնք կապ ունէին Արցախի հետ։
Վերջապէս Աւետիսեան կարեւորեց սփիւռքահայութեան եւ մանաւանդ սփիւռքահայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը Արցախի բարգաւաճման գործընթացին մէջ։ Այս առնչութեամբ ան եզրակացուց, թէ Արցախի շէնացումին մասնակցիլը եւ Մայր հայրենիք վերադառնալը ամէնէն կարեւոր գործօններէն մէկն է։ Ան նշեց, թէ երբ Արցախը վտանգի մէջ էր, Սփիւռքէն մեծ թիւով երիտասարդներ, չխնայելով իրենց կեանքը, եկած էին իրենց կեանքը զոհելու յանուն հայրենիքին, իսկ ներկայ օրերուն, խաղաղ պայմաններու մէջ, հրաւէրով չեն գար՝ ապրելու, ապրեցնելու եւ շէնցնելու համար շրջանը։