
1903ին, Թիֆլիսի մէջ կը ծնէր Արամ Խաչատուրեան, որ ի վերուստ որոշուած էր դառնալ 20րդ դարու ամէնէն յայտնի երգահաններէն մէկը, իսկ հայ երաժշտական աշխարհի ՄԵԾԱԳՈՅՆԸ։
Այսօր, աշխարհի բեմերու վրայ են իր ստեղծագործութիւնները՝ «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէները։ Երբ օտարներ մեր ազգութիւնը հարցնեն եւ իմանան մեր հայ ըլլալը, անմիջապէս Արամ Խաչատուրեանի անունը կու տան։
Այս տարի կը լրանայ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120ամեակը, որուն առթիւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը կազմակերպած է շքեղ համերգ մը, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի։
Ելոյթ պիտի ունենայ Voce Dell’ նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Հայկական Ազգային օփերայի եւ պալէի խմբավար, մայէսթրօ Ռաֆֆի Միքայէլեանի։ Կը մասնակցի նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Արթուր սարկաւագ Վարդանեանի։
Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 3 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd, Burbank, CA 91504)։ Մուտքի նուէր՝ 50 կամ 100 տոլար։ Հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախէն բռնագաղթածներու օգնութեան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք դիմել Լենա Սիմոնեանին՝ (818) 383-1322 կամ Ալիս Իսկէնտէրեանին՝ (818) 606-6606 թիւերով։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Զուարթնոց»էն)