Ֆրանսական «Պասթիոն» զրահապատ մեքենաներու տարանցման մասին «Ազատութեան» վրացական ծառայութեան հարցումին իբրեւ պատասխան՝ APM Terminals Poti ընկերութենէն յայտնեցին, որ Վրաստանի տարածքով Հայաստան ուղարկուեցաւ «յատուկ բեռ» մը:
«Կ՛ուզենք ընդգծել, որ այս պարագային բեռը եկած է Եւրոպական Միութեան երկիրէ մը` Ֆրանսայէն, եւ ուղարկուած է Հայաստան` երկիր մը, որ պատժամիջոցներու տակ չէ: Բացի այդ, Վրաստանի կառավարութեան կողմէ յստակ ցուցմունքներու եւ միջազգային սահմանափակումներու չգոյութենէն մեկնած՝ նաւահանգիստը չի կրնար անհիմն կերպով հրաժարիլ պատժամիջոցներու տակ չյայտնուող բեռ մը ընդունունելէն», պարզաբանեց վրացական Փոթի նաւահանգիստը շահագործող ընկերութիւնը:
Օր մը առաջ, Ատրպէյճան խստօրէն դատապարտեց Ֆրանսայի կողմէ «Պասթիոն» յարձակողական սպառազինութեան «Հայաստան ուղարկումը»: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ այս մասին հաստատեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ «լուրեր տարածուած են, որ Ֆրանսա մեծ քանակութեամբ «Պասթիոն» բազմաթիւ առաքելութիւն կատարող սպառազինութիւն ուղարկած է Հայաստան»:
Հաճիզատէ շեշտեց, որ նշուած սպառազինութեան փոխանցումը կը ծառայէ շրջանին մէջ Հայաստանի զինուորական ներուժի եւ «ապակառուցողական գործողութիւններու ամրապնդման»:
«Քայլերը, որոնք կը ծառայեն Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութեան` Ֆրանսայի զրպարտիչ հակաատրպէյճանական արշաւին եւ շրջանին մէջ անոր ապակառուցողական գործունէութեան լոյսին տակ ցոյց կու տան, որ Ֆրանսա շրջանին մէջ սխալ շահեր ունի: Հայաստան եւ Ֆրանսան պէտք է վերջ տան շրջանին մէջ սպառազինման եւ ռազմականացման քաղաքականութեան, այս երկիրները պէտք է վերջապէս հասկնան, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ համագործակցութիւնը այլընտրանք չունին», դիտել տուաւ Հաճիզատէ:
Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, արձագանգելով Ատրպէյճանի քննադատութեան՝ հաստատեց. «Ցանկացած սպառազինութեան ձեռքբերում Հայաստանի հիմնարար իրաւունքն է, եւ Երեւանն այն կը գնի` որ երկրից հնարաւոր լինի` ինքնապաշտպանութեան համար։ Բնականաբար, այս սպառազինութիւնները ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) նպատակ չունեն, այդ սպառազինութիւններն ունեն պաշտպանական նպատակ, եւ դա Հայաստանի հիմնարար իրաւունքն է: Այն պէտք է իրացուի, այն իրացուել է, իրացուելու է եւ իրացւում է հէնց հիմա, հետեւաբար Ադրբեջանի նման յայտարարութիւններն ուղղակի զարմանալի են»։
Երեւան տակաւին չյայտնեց ֆրանսական զէնքերու ստանալուն մասին։
Յայտնենք, որ Երեւան եւ Փարիզ Հոկտեմբերին ստորագրեցին ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, ըստ որուն, Ֆրանսա Երեւանին պիտի մատակարարէ GM 200 ռատարներ, փոքր հեռահարութեան Mistral հրթիռներ, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ ուսումնասիրելու եւ հասկնալու, թէ որո՛նք են Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան խոցելի կէտերը: