Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Երեւան վերջին շրջանին կը ձեռնարկէ քայլերու, որոնք չեն համապատասխաներ Մոսկուայի հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։
«Անշուշտ, մենք նոյն ձեւով պիտի արձագանգենք անոնց», ըսաւ ան՝ առանց նշելու, թէ ճիշդ ո՛ր քայլերուն մասին է խօսքը:
Ըստ Զախարովայի, Ռուսիա եւ Հայաստան կը շարունակեն յարաբերութիւնները՝ երկկողմ կապերու հարցերու շուրջ:
Զախարովա նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի ղեկավարութեան արեւմտեան «ընկերները» կը կործանեն ամէն դրական բան, որուն կարելի է հասնիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ:
«Հայաստան, գործելով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան թելադրութիւններով, եռակողմ համաձայնագիրներու շրջանակներէ դուրս, մեր կարծիքով, կը յայտնուի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապագայ շրջագիծէն կտրուելու վտանգին դէմ յանդիման: Բազմաթիւ վայրերու մէջ, Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը հանդէս եկած են իբրեւ երաշխաւորներ», ըսաւ Զախարովա: