Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 15 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։
Արշակեան նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ եւ բարձր կը գնահատէ բարեկամական ջերմ յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ՝ ընդգծելով սուրիահայութեան առանձնայատուկ նշանակութիւնը` իբրեւ բարեկամութեան կայուն կամուրջ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ:
Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին` ան նշեց, թէ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն Հայաստան հանդէս եկաւ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան, խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման, երկխօսութեամբ հարցի լուծման օգտին:
Հանդիպման ընթացքին հանգամանալից կերպով խօսելով Հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին` Արշակեան ներկայացուց Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի գաղափարը` շեշտելով տարածաշրջանի խաղաղութեան համար ճամբու քարտէսի կարեւորութիւնը:
Ասատ եւս բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ ընդգծեց հայ գաղութին դերը Սուրիոյ մշակութային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու զարգացման մէջ: «Սուրիոյ հայերը կը նկատուին պետութեան, հասարակութեան եւ արժեհամակարգին մէկ մասը: Հայաստանի հարցերը մեզի համար անծանօթ չեն, եւ մենք կանգնած ենք Հայաստանի կողքին` հարցերու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման մէջ», շեշտեց Ասատ։
Ան կարեւոր նկատեց միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, որ միշտ ալ գտնուած է բարձր մակարդակի վրայ եւ առանցքային դեր կը խաղայ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման մէջ։