
ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՅՑ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Եւրոպայի հարցերու ենթայանձնախումբին մէջ, 15 Նոյեմբերին տեղի ունեցան «Լեռնային Ղարաբաղի ապագան» խորագրով լսումներ, որոնց մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գրասենեակի վարիչ Ճէյմզ Օ՛Պրայըն եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան օգնական գործավարի տեղակալ դոկտ. Ալեքսանտր Սոքոլովսքի:
Քննարկումին ընթացքին, իբրեւ պատասխան քոնկրեսականներու հարցումներուն, Օ՛Պրայըն յայտարարեց, թէ ներկայիս նախարարութիւնը չի նախատեսեր «Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի»ի թիւ 907րդ յօդուածի շրջանցում, այսինքն Պաքուին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները կրնան կասեցուիլ, նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքները:
Նշենք, որ 2002էն ի վեր ամերիկեան բոլոր վարչակազմերը շրջանցած են նշեալ յօդուածը, ինչ որ գործադիր իշխանութեան կ՛արտօնէր ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին:

Օ՛Պրայըն նաեւ կտրականապէս մերժեց այն փաստարկները, որոնք յաճախ յառաջ կը բերուին Պաքուի կողմէ, թէ 907րդ յօդուածին կիրառումը պիտի վտանգէ Ամերիկայի ազգային ապահովութեան շահերը:
Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած ելոյթներուն եւ քաղաքական ճնշումի պայմաններուն մէջ, ան նաեւ յայտնեց, թէ ամերիկեան կողմը ջնջած է շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ պատուիրակութիւններու այցելութիւններ Պաքու: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց տեղահանուած մարդոց՝ իրենց հայրենիքը անարգել մուտքի իրաւունքի յարգումը եւ սեփականութեան եւ մշակոյթի պաշտպանութիւնը:
Սակայն, Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ ցեղային զտումները յստակօրէն դատապարտելու փոխարէն՝ Օ՛Պրայըն յայտարարեց, որ նախարարութինը յանձնարարած է անկախ քննիչներու՝ ապահովելու «համապարփակ, մանրակրկիտ եւ թափանցիկ արձանագրութիւն մը, թէ՝ ի՛նչ տեղի ունեցած է ոչ միայն այդ (տեղահանութեան) օրերուն, այլ նաեւ նախորդող ամիսներուն» եւ այս ուղղութեամբ կ՛աշխատի միջազգային գործընկերներու հետ:

907րդ յօդուածի պահանջներուն վերականգնումը, այսինքն Ամերիկայի կողմէ Պաքուի զինումը կասեցնելը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկն է։ Օ՛Պրայընի այս կեցուածքը մեկնաբանելով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ըսաւ. «Զինելէ, քաջալերելէ եւ աշխուժօրէն աջակցելէ ետք, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղասպանութեան եւ տեղւոյն բնիկ հայութեան ցեղային զտումներուն՝ նախագահ Պայտըն պէտք է շատ աւելին ընէ: Եթէ նախագահ Պայտըն լուրջ է, կրնայ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ մը ներկայացնել, որ կրնայ պահանջել Արցախի հայերու ապահով վերադարձը»: