Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Նոյեմբերին, խորհրդարանի ամպիոնէն վերջապէս պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր չի ստորագրուիր, այն պարագային, որ ամիսներ առաջ կողմերը հիմնական սկզբունքները համադրած էին:
«Մեծ հաշուով պատճառը անվստահութիւնն է կողմերի միջեւ», ըսաւ Փաշինեան:
Սակայն, ան դարձեալ պնդեց, որ խաղաղութեան 3 առանցքային սկզբունքները այս տարուան ընթացքին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ երկու հանդիպումներու ընթացքին համաձայնեցուած են Ատրպէյճանի հետ: Ըստ այդմ՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, այն ըմբռնումով, որ Հայաստանի տարածքը 29 հազար 800, իսկ Ատրպէյճանինը՝ 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթր է: Ըմբռնում կայ նաեւ այն մասին, որ սահմանագծման համար պէտք է օգտագործուին Խորհրդային Միութեան զինուած ուժերու Ընդհանուր հրամանատարութեան 1974-1990 թուականներու քարտէսները:
«Կարեւոր եմ համարում ընդգծել, որ համաձայնեցուած է նաեւ հետեւեալը՝ Հայաստանն ու Ադրբեջանը միմեանց նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունեն եւ պարտաւորւում են ապագայում եւս նման պահանջներ առաջ չքաշել», ըսաւ Փաշինեան:
Ըստ Փաշինեանի՝ Երեւան եւ Պաքու նաեւ համամիտ են, որ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է վերաբացուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հիման վրայ: Եւ, հակառակ այս կարեւոր հարցերուն շուրջ համաձայնութեան՝ կողմերը չեն կրնար յառաջանալ, «որովհետեւ ամէն անգամ մենք՝ Ադրբեջանի, երեւի Ադրբեջանը մեր յայտարարութիւնների եւ որոշ գործողութիւնների մէջ տեսնում ենք վերը նշուած պայմանաւորուածութիւններից հրաժարուելու եւ ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) գործողութիւններ պլանաւորելու (ծռագռելու) մտադրութիւններ, ինչն էլ բացասաբար է ազդում խաղաղութեան պայմանագրի տեքստային (բնագիրի) աշխատանքի վրայ»:
Փաշինեան աւելցուց, որ կան յստակացման կարիք ունեցող շարք մը առանցքային հարցեր, որոնցմէ մէկը խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան շուրջ տարընթերցումներէն խուսափելու գործիքակազմի մը ձեւակերպումն է: Միւս հարցը ապահովական երաշխիքներու ստեղծումն է, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք, որեւէ մագլցում չ՛արձանագրուի:
«Յառաջիկայ ամիսներին Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու մեր քաղաքական կամքը մնում է անսասան, իհարկէ այն արձանագրմամբ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կարող այդ պայմանագիրը ստորագրել միայնակ, եւ սրա համար անհրաժեշտ է նաեւ Ադրբեջանի ստորագրութիւնը», ըսաւ Փաշինեան:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ 2018ին հետ բաղդատած՝ կրկնապատկուած են պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ Երեւան ոեւէ մէկուն վրայ յարձակելու մտադրութիւն չունի: «Սա պատերազմի նախապատրաստութիւն չէ, այլ խաղաղութեան: Ես վստահ եմ, որ մեր բոլոր հարեւան երկրները համոզուած են, որ մենք որեւէ մէկի վրայ յարձակուելու մտադրութիւն չունենք», շեշտեց Փաշինեան: