

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- 21 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ուկօ Սոթօ-Մարթինեզ այցելեց Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն կողմէ եւ մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի գործունԷութեան ու ապագայ ծրագիրներուն։
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ, 13րդ ընտրաշրջանը ներկայացնող Սոթօ-Մարթինեզ, որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր վարժարանը, խոստացաւ մօտէն գործակցիլ վարժարանին հետ։
Վարժարանին տնօրէնը՝ Մարալ Դաւիթեան, եւ Փոսթոյեան մանկապարտէզի վարիչը՝ Քրիսթինա Մովսէսեան քաղաքապետական խորհուրդի անդամին փոխանցեցին տեղեկութիւններ դպրոցին 54ամեայ իւրայատուկ պատմութեան եւ իրագործումներուն մասին՝ նշելով, որ ներկայիս վարժարանը ունի առաւել քան 850 աշակերտներ եւ վեցամեայ ժամանակաշրջանով վարկաւորած է Վարժարաններու եւ համալսարաններու Արեւմտեան միութեան կողմէ (WASC)։
Տեղեկութիւններ տրուեցան նաեւ անցեալ ամառ սկսած՝ վարժարանը ընդարձակելու աշխատանքներուն մասին։ Քննարկուեցան նաեւ վարժարանին շուրջ ինքնաշարժներու խճողումը մեղմացնելու եւ ապահովական ջանքերը։


Այնուհետեւ Սոթօ-Մարթինեզ շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ եւ այցելեց կարգ մը դասարաններ, որմէ ետք ան այցելեց նաեւ թաղին միւս կողմը գտնուող Ս. Կարապետ եկեղեցին եւ Փոսթոյեան մանկապարտէզը, ուր դիմաւորուեցաւ հայկական աւանդական տարազներ հագած աշակերտներու կողմէ, որոնք յուշանուէր մը յանձնեցին հիւրին։
Ան նաեւ այցելեց Հոլիվուտի Երիտասարդական կեդրոնը, որուն մէկ մասը յատկացուած է վարժարանին, իբրեւ դասարան եւ դպրոցական այլ աշխատանքներու վայր։
Աւարտին, տնօրէնուհի Դաւիթեան եւս յուշանուէր մը յանձնեց հիւրին։
Հանդիպումին ներկայ էին Ուսումնական խորհուրդէն Թալին Ղազարեան, Կարօ Իսփէնճեան եւ Սեւակ Տէմիրճեան, ինչպէս նաեւ վարժարանի աշակերտական հարցերու պատասխանատու Սեւակ Անդրէասեան, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձու Սուրէն Հազարեան եւ «Ասապրէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեան։
Սոթօ-Մարթինեզին կ՛ընկերանար անոր օգնականը՝ Ալեհանտրա Մարոքին։


