Ատրպէյճանցիները Շուշիի 19րդ դարու Մեղրեցոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը աղբակոյտի վերածած են, կ՛ահազանգէ Արցախի յուշարձաններու մշտադիտարկումով զբաղող «Մոնիումընթ Ուաչ» կազմակերպութիւնը:
«Ինչպէս յստակօրէն կ՛երեւի «Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» («Քոքըսըս Հերիթէյճ Ուաչ») նախաձեռնութեան կողմէ հրապարակուած արբանեակային լուսանկարներէն, բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն պատճառով վնասուած են Շուշի քաղաքի Մեղրեցոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մնացորդները: Ըստ 3 Նոյեմբեր 2023ին առնուած արբանեակային լուսանկարին՝ ատրպէյճանական կողմը շրջակայ տարածքներու շինարարութեան ամբողջ շինարարական ղբը ծանր մեքենաներու միջոցով լեցուցած է եկեղեցւոյ՝ տակաւին 2017ի պեղումներով բացուած հիմնապատերուն եւ ծաւալներուն վրայ: 2021էն կատարուած արբանեակային լուսանկարները փաստած են միայն տարածքի անխնամ եւ խոտածածկ դառնալը: Մեղրեցոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1838ին, Մահտեսի Հախումեանցի ծախսերով: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Նոյեմբեր 2020ին քաղաքը բռնագրաւելէ ետք, աշխուժ կերպով կը շարունակեն 1960ական թուականներուն սկսած Շուշի քաղաքի պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութիւնը»:


Միւս կողմէ, Caucasus Heritage Watch-ը կը հաղորդէ, թէ Պաքու կը շարունակէ Արցախի հայկական ժառանգութիւնը անհետացնելու իր «առաքելութիւն»ը, այս անգամ հաստատելով, որ 5 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբերի ընթացքին, ատերպայճանցիները ճամբայ հարթած են Շուշիի պատմական գերեզմանատան ընդմէջէն, որ ծանօթ է իբրեւ «Երեւանեան դարպասներու» մերձակայ գերեզմաննոց:
Ծառերու մէջ տեղաւորուած են առնուազն 78 հայերէն տապանաքարեր, որոնց վրայ արձանագրուած են 1802էն 1913 երկարող թուականներ: Կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, որ տակաւին յայտնի չէ թէ քանի տապանաքարեր վնասուած են:
Այս 5րդ հայկական գերեզմաննոցն է, որ վնասներ կրած է Նոյեմբեր 2020էն ի վեր՝ Մեծ Թաղերու եւ Սղնախի աւերումէն ու Շուշիի եւ Վազգէնաշէնի մերձակայքը գտնուող գերեզմանատուներու քանդումէն ետք:
