
Արամ Ա. կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները եւ միաբանութիւնը կը գուժեն Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի եւ կաթողիկոսարանի Տնտեսական յանձնախումբի երկար տարիներու անդամ, ազգային բարերար տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի մահը, եւ այս տխուր առիթով իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանիքին ու հարազատներուն:
Թաղման կարգը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 28 Նոյեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: