
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 2024ին, «Զարմանազան» արեւմտահայերէնով ամառնային ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի մանուկները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան ու լեզուն հաճոյքով կ՛ապրին։
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն իրարու հետ առնչութիւն ունին.
– 10էն 17 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ).
– 18էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա).
– Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը (Ֆրանսա)։
Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին համատարիքային եւ բազմատարիքային զանազան աշխատանոցներու, որոնք կ՛ընդգրկեն տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։
Բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին՝ յարաբերութեան ու հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մասնագէտ եւ տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Առօրեայ կեանքի բոլոր պահերը միասնաբար կը կատարուին եւ կ՛ապրուին։
Միացեալ Նահանգներու առաջին ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ, 7էն 27 Յունիս 2024ին։ Դիմումները բաց են մինչեւ 31 Յունուար 2024, տեղական ժամով իրիկուան ժամը 11։
Ֆրանսայի 8րդ ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Ալպեան լեռներուն մէջ, 11 Յուլիսէն 6 Օգոստոս 2024ին։ Դիմումները պիտի բացուին 10 Դեկտեմբեր 2023ին եւ պիտի փակուին 15 Փետրուար 2024ին, Կրինիչի ժամով երեկոյեան ժամը 11ին։
Անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտերը։ Երկու ճամբարներուն մասնակցողներու թիւը սահմանափակ է։
«Զարմանազան»ին դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք zarmanazan.com կայքը։
Գալով Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագիրին, անիկա մասամբ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի «Զարմանազան»ին ընթացքին։ Դասընթացքը պիտի շարունակուի առցանց՝ 2024-2025 ուսումնական տարուան ընթացքին, «Ինալքօ»ի (INALCO-Institut National des Langues et Civilisations Orientales) կողմէ եւ պիտի աւարտի վկայագիրով մը։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՛առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը եւ թէ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագիրին միայն 15 ուսուցիչներ կարելի է ընդունիլ։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 2017ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրին մէկ բաժինը։ Անիկա կազմակերպուած է Ֆրանսայի Mille et un mondes ընկերակցութեան եւ Փարիզի INALCO (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ)ին համագործակցութեամբ։ 2024ին «Զարմանազան»ը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին համագործակցութեամբ եւ աջակցութեամբ։
Ֆրանսայի «Զարմանազան»ը վաւերացուած է կրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան կողմէ։ Միացեալ Նահանգներու «Զարմանազան»ը վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ Քըրն գաւառի բնութեան առողջապահութեան բաժանմունքին կողմէ։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Զարմանազան»էն)