28 Հոկտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան մը ընթացքին, «Հայ Քաջ Տօ» մարտարուեստի ոճի հիմնադիր Միհրան Աղուինեան պաշտօնապէս դարձաւ Եւրոպայի մարտարուեստի փառքի սրահի անդամ: Ան 2016ին, Ամերիկեան մարտարուեստի փառքի սրահի անդամ դարձած էր։
Գերմանիա ծնած Աղուինեան առաւել քան տասնամեակէ մը ի վեր «Հայ Քաջ Տօ»ի դասարաններ մատուցած է հարիւրաւոր հայորդիներու, միաժամանակ մարզելով ապահովական մարզի պաշտօնեաներ:
Ան հիմնադիրն է Հայկական մարտարուստի դաշինքին: