ԵԱՀԿի նախարարական 30րդ համաժողովին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով չարձագանգեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ նոյն բեմէն հնչած այն պնդումին, թէ Արցախի հայաթափելէն ետք Պաքու կը ջանայ նաեւ Հայաստանը թիրախա դարձնել, սակայն փոխարէնը՝ Հայաստանը կը մեղադրէ խաղաղութեան գործընթացը ձգձգելու յանցանքով։
Նախ արդարացնել ջանալով Արցախի վրայ Սեպտեմբերի յարձակումը՝ Պայրամով պնդեց, թէ այսպէս կոչուած «հակաահաբեկչական միօրեայ գործողութեան» մասին Հայաստանին տեղեկութիւն տրուած էր՝ պնդելով, որ իրենք ոեւէ հայ բնակիչի չեն ստիպած հեռանալ Ղարաբաղէն, այլ պարբերաբար կոչ ըրած են տեղւոյն հայերուն, որ դառնան Ատրպէյճանի քաղաքացիներ:
Անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագիրին՝ Պայրամով վստահեցուց, որ Պաքու կը փափաքի կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսիլ ուղիղ բանակցութիւնները՝ պայմանագիրի փաստաթուղթը աւարտին հասցնելու նպատակով, սակայն ան առանց փաստեր տալու պնդեց, թէ որոշ կողմեր աշխարհաքաղաքական նպատակներէ մղուած՝ արգելքներ կը դնեն անոր դիմաց։ Աւելի կանուխ, Պաքու կողմնակալ համարած էր Ուաշինկթընը եւ Փարիզը։
Աւելի ուշ, ան Արցախի ամբողջ հայ բնակչութեան գաղթի պատասխանատուութիւնը բարդեց Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային միջնորդներուն վրայ, դարձեալ առանց փաստեր տալու։