«ՏաԹեւեր» ճոպանուղին արժանացաւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի ամէնէն հեղինակաւորներէն համարուող միջազգային մրցանակին՝ World Travel Awards-ին: Հայկական ճոպանուղին երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջինը՝ 2021ին) կը տիրանայ այս մրցանակին:
1 Դեկտեմբերին, Տուպայի մէջ տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին, մրցանակը ստացաւ Դաւիթ Վարդանեան՝ «ՏաԹեւեր» նախագիծի հիմնադիր եւ այժմ Պաքուի մէջ բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի որդին:
«Հայրս իր ամբողջ կեանքը նուիրած է մարդոց օգնելու: Ան իրականացուցած է բազմաթիւ բարեսիրական, ընկերային, կրթական, ենթակառուցային ծրագրեր, որոնք բարեփոխած են ժողովուրդի կեանքի որակը ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ աշխարհի տարածքին: Դէպի միջնադարեան հրաշալի վանական համալիր տանող աշխարհի ամէնէն երկար՝ «ՏաԹեւեր» ճոպանուղիի նախագիծը անոր ապացոյցներէն մէկն է: Այս մրցանակը հայրս պէտք է ստանար, բայց, ինչպէս գիտէք, ան եւ տասնեակ հայեր քաղաքական դրդապատճառներով ապօրինի կերպով ձերբակալուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ եւ կը գտնուին Պաքուի բանտերուն մէջ: Կը յուսամ յաջորդ մրցանակը ան անձամբ կը ստանայ», յայտնեց Դաւիթ Վարդանեան:


13 տարիներու ընթացքին, «ՏաԹեւեր» այցելած են առաւել քան 1 միլիոն անձեր: Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր 5 զբօսաշրջիկներէն մէկը իր ծրագրին մէջ կը ներառէ ճոպանուղին, որուն շնորհիւ, 2010 տարուան հետ բաղդատատած՝ զբօսաշրջութեան հոսքը դէպի Սիւնիքի մարզը 17 անգամով աւելցած է:
Նշենք, թէ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի շրջանակին մէջ իրագործուած ճոպանուղին ոչ-շահութաբեր նախագիծ մըն է, որմէ ստացուած ամբողջ հասոյթը կ՛ուղղուի Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման եւ համայնքի զարգացման գործին:
Հայաստանի երկրորդ մրցանակը շահեցաւ Երեւանի Seven Visions Resort & Places-ի The Dvin պանդոկը: Հայաստանի սիրտին վրայ գտնուող պատմամշակութային, ժամանցային համալիրը տպաւորած է իր եզակի յայտագիրներով, օրինակ՝ աշխարհի միակ օդային թատրոնը՝ One&Only-ն, որուն բեմը օդին մէջ է, հայկական ոճի Hayrik խոհանոցը, Dvin Music Hall համերգային սրահը, որ ցարդ հիւրընկալած է շուրջ 100 պատուիրակութիւններ՝ նախագահներու, վարչապետերու գլխաւորութեամբ եւ այլն:
Այս տարի պանդոկը արդէն շահած էր Եւրոպայի Leading New Hotel 2023-ի առաջին մրցանակը: