Հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու գիտաշխանոցի եւ Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոնի համատեղ ջանքերով կազմուած «Հայասաթ-1» հայակերտ արբանեակը, որ 1 Դեկտեմբերին տիեզերք արձակուած էր, արդէն անջատուած է հրթիռէն ու մտած է իր ուղեծիրին մէջ:
«Բազումք»ը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով կը հաղորդէ, թէ Կիրակի օր արդէն իսկ գործելու վիճակի մէջ է եւ կը փոխանցէ իր պարբերական ազդանշանները։