Ֆրանսական Arquus ընկերութեան արտադրած «Bastion» տեսակի 24 հրասայլեր առաքուեցան Հայաստան, իսկ 26 ուրիշներ պիտի ուղարկուին հետագային. ներկայիս անոնք արտադրութեան փուլին մէջ են: Այս մասին նշուեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Պիւտճէի պաշտպանութեան բաժինին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Հայաստան վերջերս GM 200 ռատարներ ձեռք բերելու պատուէր ստորագրած է եւ բանակցութիւններ կ՛ընթանան՝ MISTRAL 3 հրթիռներու համակարգերու մատակարարման շուրջ:
«Փարիզ նախաձեռնած է պաշտպանական զինատեսակներ մատակարարել Հայաստանին: Մենք պէտք է արագ արձագանգենք Հայաստանի իշխանութիւններուն բոլոր խնդրանքներուն, մասնաւորաբար՝ հրետանիի անհրաժեշտութեան գծով», նշեցին զեկուցողները՝ նաեւ խորհուրդ տալով «կարելի եղածին չափ շուտ ուսումնասիրել CAESAR հրետանային համակարգերու մատակարարումը՝ նկատի ունենալով անոնց արդիւնաւէտութիւնը»:
Երեւան եւ Փարիզ Հոկտեմբերին ստորագրեցին ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, ըստ որուն, Ֆրանսա Երեւանին պիտի մատակարարէ GM 200 ռատարներ, փոքր հեռահարութեան Mistral հրթիռներ, ինչպես նաեւ պիտի օգնէ ուսումնասիրել եւ հասկնալ՝ որո՛նք են Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան խոցելի կէտերը:
Օրին Ատրպէյճան խստօրէն դատապարտեց Ֆրանսայի կողմէ «Պասթիոն» յարձակողական սպառազինութեան «Հայաստան ուղարկելը»՝ նշելով, որ սպառազինութեան փոխանցումը կը ծառայէ շրջանին մէջ Հայաստանի զինուորական ներուժի եւ «ապակառուցողական գործողութիւններու ամրապնդման»: