

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական կաճառի՝ գրականութեան հեղինակաւոր «Հանրի-Կալ» մրցանակը շնորհուեցաւ «Ֆիկարօ-Մակազին»ի փոխտնօրէն, Հայ Դատի ջատագով Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնին։ Ան այս առթիւ X-ի իր հաշիւին կատարած երախտագիտութեան գրառման մէջ, յատկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ակադեմականներ Անտրէյ Մաքինին եւ Միշէլ Զինքին, որոնք «Կաճառի գմբէթին տակ՝ բացի իմ պատմական աշխատանքներէն, անդրադարձան նաեւ Արցախի հայութեան ի նպաստ իմ յանձնառութեան»։
Նշենք, որ «Ֆիկարօ-Մակազին»ի Դեկտեմբերի թիւին մէջ տեղ տրուած է յատուկ թղթածրարի մը, որ նուիրուած է Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան: «Անոր (Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան) ճակատագիրը վտանգուած է Սեպտեմբերին հայոց ցեղային զտումէն ի վեր ատրպէյճանցիներու ձեռքը անցած ըլլալով», կ՛ըսէ Պիւիսոն այս մասին ծանուցող մէկ այլ գրառման մէջ։