ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային ներկայացուցչական 51րդ ժողովը գումարուեցաւ 1էն 3 Դեկտեմբեր 2023ին, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄի Լիբանանի մասնաճիւղերու 54 լիազօր քոյր-եղբայրներ, 25 հրաւիրեալներ եւ ի պաշտօնէ մասնակցողներ:
Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանի անցնող երկու տարիներու գործունէութիւնը եւ կատարեց համապատասխան գնահատական մը:
Ժողովին ընթացքին, ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 13րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցողներուն կողմէ զեկուցում մը տրուեցաւ ժողովի աշխատանքներուն եւ ՀՄԸՄի համահայկական ընտանիքին դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն մասին:
Պատգամաւորական 13րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումներու լոյսին տակ, Ներկայացուցչական ժողովը հաստատեց ՀՄԸՄի Լիբանանի ընտանիքին ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախին եւ իր աշխատանքները Հայաստանի մէջ շարունակող ՀՄԸՄի Արցախի մասնաճիւղին: Ժողովը նաեւ ընդգծեց, որ իբրեւ ազգային արժէքներու պահապան միութիւն՝ ՀՄԸՄը այսուհետեւ յանձնառու կ՛ըլլայ իր բոլոր ակումբներուն մէջ եւ միութենական բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին ծածանել Արցախի դրօշը: ՀՄԸՄի մարզիկները եւ սկաուտները իրենց տարազներուն վրայ պիտի կրեն Արցախի յատուկ պէճեր, եւ Արցախի քայլերգը պիտի հնչէ բոլոր հանդիսութիւններուն ընթացքին: Շրջանը նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «ՀՄԸՄի Արցախ հիմնադրամ»ի նուիրահաւաքի աշխատանքին:
Շրջանային ներկայացուցչական 51րդ ժողովը իր առաջարկները եւ պատկերացումները ներկայացուց ՀՄԸՄի Լիբանանի յառաջիկայ երկու տարիրներու գործունէութեան համար՝ յատկապէս շեշտելով երիտասարդութեան համախմբման եւ աշակերտական մարզախաղերուն (ԼԵՎԱՄի) թափ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Աւարտին, Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը 2023-2025 երկամեակին համար ընտրեց ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան իննանդամ նոր կազմ մը` բաղկացած հետեւեալներէն.
Վահան Համամճեան
Րաֆֆի Խիւտավերտեան
Մհեր Քէնտիրճեան
Լարա Քէչէպաշեան
Մարիա Գէորգեան
Վիգէն Մահտեսեան
Հրայր Մարգարեան
Դալար Պէպէճեան
Թամար Քէշիշեան
ԴԻՒԱՆ ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ 51ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ