ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Ազգերու պատմութեան մէջ սեփական հողն ու հայրենիքը անփոխարինելի արժէքներ եղած են ու կը մնան:
Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, քանի՜-քանի՜ ցեղերու կողմէ հալածուած ու ասպատակուած է․ անոնք փորձած են ջնջել հայոց հարուստ մշակոյթն ու դարաւոր պատմութիւնը, որպէսզի նաեւ աստիճանաբար հայ ոգին եւ հայկականութիւնը խաթարուի, ապա աստիճանաբար չքանալով ձուլուի այլ ազգերու ձուլարանին մէջ:
Ի դէպ, մեր պապերէն ժառանգած, հայրենի հողին հանդէպ մեր տածած սէրն ու կապուածութիւնը դարեր շարունակ մեր մէջ հրահրած է պայքարի ոգին եւ նուիրումը մեր հողի պաշտպանութեան եւ ինքնութեան պահպանման հանդէպ:
Ներկայ քաղաքական իրադարձութիւններու լոյսին տակ, թէեւ «նոր չեն մեզ համար դաւ ու դառնութիւն» սակայն, որքան որ հասկնալի ըլլան քաղաքական «անհասկնալի» վերիվայրումները, տակաւին անբացատրելի կը մնայ գլխաւոր մէկ մտածում, թէ տակաւին որքա՜ն երկար եւ մահազդու «լռութեան» այս վիհին մէջ պիտի մնանք ազգովին: Արդեօ՞ք ընտելացած եւ ընդունած ենք կատարուածն ու տակաւ կատարուելիքները, թէ՞ խորիմաստ գիտակից ենք՝ նորանոր ուղիներու գոյութեան, յուսալով որ առաւել նոր եւ «վարդագոյն» հորիզոններ պիտի բացուին մեր դիմաց, ձեռք ձգելու ազգային արմատներով առաւել ամրապնդուած ու թրծուած՝ նորոգ եւ ամրակուռ հայրենիք մը:
Երնէ՜կ, թէ իրականութիւն դառնայ իւրաքանչիւր հայու այս մեծ երազը․․․ Երնէ՜կ թէ․․․:
Հայրենի հողը անժամանցելի է: Հողը անզուգական է: Հողը ազգի մը արժանապատիւ յենարանն է: Հողը իւրաքանչիւր անհատի արժանապատիւ ինքնութիւնն է, վերջապէս՝ հայրենի հողը սրբութիւն սրբոց է, պէտք է յատուկ ակնածանքով մօտենալ անոր անցեալի ու ներկայի անցուդարձներուն եւ միայն ու միայն, համազգային արդար ջանքերով տէր կանգնիլ հողային մեր իրաւունքներու պաշտպանման եւ պահպանման՝ միայն եւ միայն մեր ազգային շահերը հետապնդող դիտանկիւնէ յառաջանալով:
Այսօր սակայն, մեր ազգի ցաւոտ այս «խոր» լռութիւնը, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել՝ համակերպո՞ւմ, թէ՞ յանձնուած ըլլալու ոչ պիտանի ողորմելիութիւն եւ կամ թէ անտարբերութիւն համատարած աշխարհաքաղաքականացման ուղիներով տարուած ըլլալու, ճահճացման մէկ մասնիկը դարձած ըլլալու հանգամանքով:
Արդ, կարելի չէ չմտածել եւ կամ անտարբեր մնալ եւ ապա ջրհոսանքին յարմարելով տարուիլ ու թափուիլ «օտար»ացած համոզումներով:
Զորն ասե՛նք, զորն խոստովանի՛նք, զի այսօր, անթիւ են մահացու անտարբերութիւնները մեր՝ ազգովին:
Թշնամիին յոխորտանքները օր ըստ օրէ կ՛ընդլայնին եւ կը դիտարկեն ու կը մատնանշեն՝ Մայր հայրենիքը, հայ ազգին մնացած այս բուռ մը Հայաստանը, թշնամիի լեզուին վրայ ամենօրեայ ասո՞յթ, թէ՞ մարտահրաւէր մեր խռոված հոգիներուն… միայն ականջալուր ըլլալը արդարացի չէ նման անարժան յայտարարութիւններուն հանդէպ, որովհետեւ փաստացի է, թէ մեր կողմէ մտածուած ու կարծուած՝ ազնիւ ու արժանապատիւ լռութիւնը, առաւել լրբութեան կ՛առաջնորդէ մեր ոսոխը, ապա բիրտ ուժով մը յափշտակելու եւ խլելու նաեւ, տարահանուած արցախահայ մեր հայրենակիցներու միակ բնօրրան-ապաստան հայրենի հող՝ Հայաստանն իսկ:
Այո՛, ազգովին համոզուած ենք, որ արդարեւ, զգացական խոր կապերով կապուած եւ պաշտած ենք մեր հայրենիքը, սակայն որքա՜ն մեծ բաց մը ձգած ենք այդ պաշտամունքի ետին, որով նոր աշխարհն ու աշխարհաքաղաքական այժմէական տեսութիւնները երբե՛ք չեն ներեր, մեր ունեցած այս «կոյր» սիրոյն եւ կապուածութեան «արժանիքի» գոյութեան, որ լո՛կ հայրենասիրութիւն կը բուրէ․ պէտք է իրապաշտ եւ գործնական ըլլալ, քաղաքական եւ ներազգային համարժէք տուեալներու գործադրութեամբ:
Ներուժը գտնել համազգային մաշտապով, տարածել եւ գործնականացնել խոր հաւատքով եւ համոզումով եւ տեղի չտալ յեղյեղուկ եւ կեղծիքով լի անցուդարձներուն:
Այսօր, մեր ազգի հարազատ զաւակները ամենուրէք, անտիրութեան մատնուած, հիասթափութիւն եւ անտարբերութիւն սկսած են ապրիլ ու տարածել իրենց շրջապատին մէջ… ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞վ պիտի ստանձնէ այս ահաւոր ու ցաւոտ իրավիճակին բարւոքումն ու արդար դատաստանը: Ո՞վ կրկին անգամ կեանքի պիտի կոչէ մարած սրտերն ու լլկած հոգիները հայուն, որ յաճախ հպարտացած եւ յաւակնոտ եղած էր, իր խրոխտ անցեալով եւ փառապանծ փառքերով ու մշակոյթով, առաւել եւս, քաջարի ու նուիրեալ իր զաւակներով եւ անզուգական հերոսներով, ի վերջոյ ազգասէրի ու հայրենասէրի ռոմանթիք մեր ինքնութեամբ:
Ի դէպ, վերջին շրջանին, համազգային եւ հայրենական մեր զանազան խարխափումներն ու ձախողութիւնները, կորուստներն ու ցաւերը, որ արդ պէտք է արդարօրէն եւ քաջութեամբ ճանչնանք եւ ընդունիք՝ բաց մտքով եւ լայն սրտով, որպէսզի ոչ միայն բարոյապէս, այլ նաեւ պայքարի գործնական ճամբով անցնինք ու միասնաբար շրջանցենք, այսօր իսկ պատմական դառնալու պատրաստ, համազգային մեր այս դժուարին հանգրուանը:
Վերջապէս, ազգերն ու երկիրները նաեւ ունին իրենց վիճակուած ճակատագրերը, սակայն շրջանցելի կը դառնան միայն ու միայն հաւաքական հաւատքով ու գործնական պայքարի ճամբով:
Հաւատա՛նք, գործե՛նք եւ մեր ազգին վայել հպարտութեամբ ու միասնական ջանքերով, շրջանցե՛նք մեզի վիճակուած «ահազանգ»ը ու նոր շրջադարձով մը նուաճե՛նք նոր յաղթանակներ: