ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Իւրաքանչիւր հասարակութեան առողջացման եւ կենսունակութեան գրաւականը իր մտաւորականութիւնն է։ Մտաւորականութիւն ըսելով, այստեղ պէտք չէ հասկնալ մտաւոր աշխատանք կատարողը։ Մտաւորականը, իւրացուցած ըլլալով իր ժողովուրդին կամ կազմակերպութեան պատմութիւնը, մշակոյթը, բարոյահոգեբանական զարգացման հոլովոյթը, նոր հորիզոններ կը բանայ տուեալ հասարակութեան գոյութեան, զարգացման եւ յարատեւման առջեւ։ Ան նաեւ կապող օղակը պէտք է հանդիսանայ իշխանութիւններուն կամ ղեկավարութեան եւ հասարակութեան (ժողովուրդ, կազմակերպութեան անդամներ կամ համակիրներ) միջեւ։
Մէկ կողմէ, ան հասարակութեան երազանքներուն, նպատակներուն թարգմանը պէտք է ըլլայ ղեկավարութեան մօտ, իսկ միւս կողմէ՝ պէտք է բացատրողն ու պատգամաբերը դառնայ նոյն այդ հասարակութեան՝ ղեկավարութեան ընդհանուր սկզբունքներուն, քաղաքական ուղեգիծին եւ ամէնէն կարեւորը՝ բարոյական հասկացողութիւններուն, որոնց կրողը առաջին հերթին ի՛նքը՝ մտաւորականն է։ Այս պարագան զինք կը դնէ բարոյական պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան առջեւ, որ ան չդառնայ իշխանութիւններուն կամ ղեկավարութեան «բանբեր»ը։ Ան պէտք է պահէ իր անկախութիւնը, որպէսզի հասարակութեան պահանջները հասանելի դառնան եւ հասարակարգը հիմնուած ըլլայ առաւելագոյն արդարութեան վրայ։ Այստեղ, անշուշտ, մեծ նշանակութիւն ունի մտաւորականին զարգացման մակարդակը, իմացականութիւնը եւ աշխարհընկալումը։
Այլ խօսքով, մտաւորականութիւնը հասարակութեան եւ ղեկավար խաւին փոխադարձ հայելին պէտք է ըլլայ։ Որքան առողջ եւ կենսագործ ըլլայ մտաւորականութիւնը, նոյնքան առողջ եւ կենսունակ է հասարակութիւնը եւ նոյնքան զգաստ եւ պատասխանատու է ղեկավարութիւնը, հասարակութեան անդամներուն հանդէպ։
Այս իրականութիւնը լաւապէս ըմբռնած է Դաշնակցութիւնը եւ այդ իմաստով ալ իր շարքերուն թէ գործունէութեան մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է մտաւորականութեան։ Անոր բարձրագոյն ղեկավարութեան մէջ միշտ ալ տիրական ներկայութիւն եղած են մտաւորական դաշնակցականները։ Իսկ մտաւորականութեան բացակայութեան պարագային, կուսակցութիւնը փորձած է իր կողմ ներգրաւել ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող մտաւորականութիւնը։
Այս մասին ուշագրաւ դրուագ մը կայ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» գիրքին առաջին հատորին մէջ։ Ռուբէն կը գրէ.
«Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ կային միայն կիսագրագէտներ եւ արհեստաւորներ, ինչպէս Պետոյի ժամանակ։ Եթէ Դաշնակցութիւնը կարողանար Բաղէշցեանը եւ ընկերները ձեռք ձգել, ան Վասպուրականի ուղեղը ձեռք ձգած կը լինէր։ Արամը կը ցանկանար այդ ուժերը մտցնել Դաշնակցութեան շարքերուն, բայց ան հնարաւորութիւն չունէր անոնց մօտենալու, մանաւանդ տեղացիներէն կարգ մը ընկերներ՝ առաջնորդուելով մեծ մասամբ անձնական հաշիւներով՝ հակառակ էին, որ անոնք ընդունուէին Դաշնակցութեան մէջ։ Չէ՞ որ արեւի երեւալով աստղերը կը խաւարին»։
Հետագայ տողերուն մէջ, Ռուբէն կը հաստատէ թէ Արամ Մանուկեան յաջողեցաւ Վանի մտաւորականութեան մեծամասնութիւնը Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ առնել, ի հեճուկս վանեցի կիսագրագէտ ընկերներուն։
Ռուբէնի այս հաստատումը լաւագոյն ապացոյցն է հետեւողական այն աշխատանքին, որ Դաշնակցութեան ղեկավար եւ գիտակից տարրը ամէն ջանք թափած է իր մէջ ներառելու հասարակութեան մտաւորական տարրը։ Անոնք լաւապէս գիտակցած են մտաւորականութեան անժխտելի դերակատարութեան, որ կրնայ կատարել Դաշնակցութեան գաղափարներու տարածման, կազմակերպութեան ուժեղացման եւ հասարակութեան թէ կազմակերպութեան բարոյամաքրման մէջ։ Ռուբէն կը յիշատակէ օրինակ մը Վանի շրջանէն։ Սակայն Դաշնակցութեան ամբողջ կազմակերպութիւնը նոյն ձեւով գործած է բոլոր շրջաններուն մէջ։ Փաստ է որ այդ ժամանակաշրջանի մտաւորականութեան մեծ մասը ժամանակի ընթացքին յարած է Դաշնակցութեան։ Յիշենք այդ փաղանգէն՝ Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Զարդարեան, Էտկար Ակնունի, Գարեգին Խաժակ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, Վարդգէս Սէրէնկիւլեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւայլն։
Անժխտելի իրողութիւն է նաեւ, որ վերոնշեալ մտաւորականներն են, որոնք տարածած են Դաշնակցութեան գաղափարները, կերտած են անոր արժէքները եւ կապող օղակը հանդիսացած են կուսակցութեան եւ հայութեան տարբեր շերտերուն միջեւ։ Անոնք արտացոլացուցած են կուսակցութեան գաղափարական ուղին եւ նպաստած անոր կուռ շարքերուն ամրացման։
Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ եւս Դաշնակցութիւնը իր շուրջ հաւաքեց հայ մտաւորականութիւնը տարբեր գաղութներու մէջ։ Այդ մտաւորականութիւնը իր մեծ ներդրումը ունեցաւ գաղութներուն մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի ընձիւղման եւ ընդլայնման աշխատանքին մէջ, միաժամանակ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն անխոնջ ջատագովը հանդիսանալով։ Բաւարար է թերթել սփիւռքահայ մամուլը եւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի համարները, հասկնալու համար, թէ որքան մեծ եղած է անոր դերակատարութիւնը Դաշնակցութեան տեսակէտներուն պաշտպանութեան մէջ, որքան մեծ՝ անոր դերակատարութիւնը հայութեան նպատակներուն թարգմանը հանդիսանալու անոր պատասխանատուութիւնը։ Միաժամանակ պէտք է ընդգծել, որ դաշնակցական մամուլը անվերապահօրէն տեղ տուած է մտաւորականութեան տեսակէտներուն, նոյնիսկ անոր քննադատական մօտեցումներուն։ Փոխադարձ այս գործակցութիւնն ու հասկացողութիւնը նպատակ ունեցած է ստեղծել առաւելագոյնս առողջ հայ հասարակութիւն։
Սակայն, դժբախտաբար վերջին երկու-երեք տասնամեակներուն, ինչպէս առհասարակ հայկական իրականութեան մէջ, նոյնպէս Դաշնակցութեան մէջ նուազագոյնի իջած է մտաւորականութեան դերակատարութիւնը։ Առհասարակ, անոր ի սպառ բացակայութեան պատկերը սկսած է ուրուագծուիլ։ Այս ապառողջ իրավիճակը յղի է ծանրագոյն հետեւանքներով, որուն նախանշանները սկսած են երեւիլ։ Հարկ է մեծ տեղ տալ մտաւորականութեան, այլապէս Դաշնակցութեան հեղինակութիւնը կրնայ կորսնցնել իր փայլը, յոռի երեւոյթներն ու բարքերը կը թափանցեն ոչ միայն կուսակցութեան, այլեւ հայկական իրականութեան մէջ։ Արժէքներու եւ բարոյականութեան անկումը անխուսափելի կը դառնայ։ Արամ Մանուկեանի ուղին ուսանելի պէտք է դառնայ բոլորիս համար։
Մտաւորական անհատներ եւս բարոյական պարտաւորութիւն ունին քաջաբար իրենց ձայնը ամէն գնով լսելի դարձնելու, հաւաքականութեան շահերը իրենց ժամանակաւոր եւ փոքր շահերէն գերադաս համարելով։