Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 17րդ հանգրուանին «Կրասնոտար» 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Օրենպուրկ»ը: 45րդ վայրկեանին, Էտուարտ Սփերցեան նշանակեց «Կրասնոտար»ի առաջին կօլը, որ այս տարեշրջանի իր 8րդ կօլն էր: Մրցակից կազմէն Ստեփան Յովհաննէսեան նշանակեց հաւասարութեան կօլը, ապա Իլզաթ Ահմետով նշանակեց «Կրասնոտար»ի 2րդ եւ յաղթանակի կօլը, որուն շնորհիւ խումբը մնաց դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ, 2 կէտի առաւելութեամբ «Զենիթ»էն, որ կը գրաւէ 2րդ դիրքը:
Իր կարգին, «Զենիթ» 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց «Լոքոմոթիւ Մոսկուա»էն, որուն հայազգի մարզիկ Նայիր Թիկնիզեան 88րդ վայրկեանին նշանակեց «Լոքոմոթիւ»ի յաղթանակը հաստատող կօլը: 15 մրցումի ընթացքին. Թիկնիզեանի 5րդ կօլ նշանակած է, իսկ «Լոքոմոթիւ» կը գրաւէ 6րդ դիրքը: