
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի եւ Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի միացեալ յայտարարութեամբ նշուեցաւ, որ Հայաստան 2 ատրպէյճանցի գերիներ ազատ պիտի արձակէ, իսկ Ատրպէյճան՝ 32 հայ զինուոր։
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան ` Հայաստանին վերադարձուող անձերը Դեկտեմբեր 2020ին Հադրութի ուղղութեամբ «իրականացուած հակաահաբեկչական նախաձեռնութիւններուն ընթացքին ձերբակալուածներն են», մնացած 6ը ձերբակալուած են սահմանին՝ տարբեր ժամանակաշրջաններու, եւ արդէն իսկ իրենց պատիժին մեծ մասը կրած են:
Ըստ իրաւապաշտպաններու տուեալներուն` ներկայ դրութեամբ, Ատրպէյճանի մէջ կան 55 հայեր, 41 ռազմագերիներ, Արցախի նախկին ղեկավարութեան 8 ներկայացուցիչներ եւ 6 քաղաքացիներ:
Յայտարարութիւնը տարածած երկու գերատեսչութիւնները կը նշեն, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համակարծիք են, որ տարածաշրջանին մէջ վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ: Երկու պետութիւնները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու յարգման հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումին հասնելու իրենց մտադրութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմի միջեւ բանակցութիւնների արդիւնքում պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել երկու պետութիւնների միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ձեռնարկելու մասին: Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, Ադրբեջանի Հանրապետութիւնն ազատ է արձակում 32 հայ զինծառայողների: Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր հերթին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, ազատ է արձակում 2 ադրբեջանցի զինծառայողների», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Հայաստան նաեւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրի մասնակցողներու համաժողովի 29րդ նստաշրջանը («COP29») հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի ներկայացուցած դիմումին եւ կը վերցնէ իր թեկնածութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ադրբեջանի Հանրապետութիւնը յոյս են յայտնում, որ Արեւելեան Եւրոպայի խմբի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ՛աջակցեն հիւրընկալելու նպատակով Ադրբեջանի Հանրապետութեան ներկայացրած յայտին: Որպէս բարի կամքի քայլ` Ադրբեջանի Հանրապետութիւնն իր աջակցութիւնն է յայտնում Արեւելեան Եւրոպայի խմբի «COP»ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեանը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ադրբեջանի Հանրապետութիւնը կը շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ միջոցառումների իրականացման վերաբերեալ` մօտ ապագայում կեանքի կոչելու համար, եւ կոչ են անում միջազգային հանրութեանը` աջակցելու իրենց ջանքերին, որոնք կը նպաստեն երկու պետութիւնների միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցմանը եւ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան Հարաւային Կովկասի ողջ տարածաշրջանի համար», կ՛ըսուի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Աւելի ուշ, Ատրպէյճան հրապարակեց անունները այն անձերուն, զորս կը պատրաստուի ազատ արձակել։
13էն 14 Դեկտեմբեր 2020ին Հադրութի ուղղութեամբ գերի տարուած 26 անձերն են՝ Աւագեան Հրաչ Արզումանի, Սերոբեան Գեղամ Սամուէլի, Յովհաննիսեան Հայկազ Կորիւնի, Թոսունեան Լեւոն Աշոտի, Արթուր Էդուարդի Բաղդասարեան, Ստեփանեան Դաւիթ Ստեփանի, Գերաբեան Հրայր Հրաչի, Միքայէլեան Անդրանիկ Վազգէնի, Աւագեան Սերոբ Սուրէնի, Կոստանեան Նարեկ Աղայի, Յարութիւնեան Վարազդատ Սերեոժայի, Մարտոյեան Մանուկ Յովհաննէսի, Վարդանեան Արսէն Արայիկի, Դիլանեան Արման Վազգէնի, Թադեւոսեան Հրայր Վարդանի, Բախրիկեան Վագան Էդիկի, Արամեան Կարէն Արմէնի, Սուքիասեան Անդրանիկ Սրապի, Մարտիրոսեան Գէորգ Սամուէլի, Կիրակոսեան Էդուարդ Արմէնի, Գէորգեան Ռոբերտ Յովիկի, Եղիազարեան Սասուն Սէյրանի, Յակոբեան Վոլոդիա Գագիկի, Աւագեան Տիգրան Մանիկի, Սաղաթելեան Գրիգոր Սէյրանի, Աւետիսեան Վաղարշակ Աշոտի:
Տարբեր ժամանակներու Հայաստանի սահմանին, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքին մէջ յայտնուած եւ ազատ արձակուելիք անձերն են՝ Ռաֆայէլեան Վլադիմիր Օտարի, Սարգսեան Իշխան Աշոտի, Յովակիմեան Յարութիւն Եուրիկի, Ղազարեան Կարէն Աշոտի, Ոսկանեան Գագիկ Աշոտի, Իւլճեքեան Վիգէն Աբրահամի։