
Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն իսկ, ՀՕՄը իր աշխարհասփիւռ միաւորներով ընդմիշտ եղած է Արցախի եւ արցախահայութեան կողքին: Անիկա Արցախի մէջ հիմնած է մանկապարտէզներ եւ իրականացուցած է բազմաթիւ բարեսիրական ծրագիրներ: Բնականաբար, այս տագնապալի օրերուն եւս ՀՕՄը իր օգնութեան ձեռքը դարձեալ պիտի մեկնէր արցախահայութեան:
19 Սեպտեմբեր 2023ին, ի տես եւ ի լուր արցախահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքներուն՝ ՀՕՄի բոլո՛ր միաւորները անմիջապէս գործի անցան եւ, ինչպէս միշտ, շուտով արձագանգեցին Արցախի կանչին՝ նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալու մեր հայրենակիցներուն:
Արցախահայութեան շտապ օժանդակութեան յատկացումներով կատարուեցան հետեւեալ աշխատանքները:
Առաջին փուլին, բաժնուեցան առաւել քան 1500 սննդեղէնի եւ մաքրութեան իրերու արկղեր՝ հետեւեալ պատկերով.
– 440 արկղեր տրամադրուեցան Արցախի ներկայացուցչութեան՝ Աւստրալիոյ ՀՕՄի եւ գաղութի հանգանակած գումարով:
– Առաւել քան հարիւր արկղեր փոխադրուեցան Գորիս եւ բաժնուեցան այնտեղ հանգրուանած արցախահայութեան:
– Համագործակցութեամբ շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն (ՀՄԸՄ, ՀԵՄ, Համազգային, ՀՅԴ), ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ հայրենիք ժամանած կամաւոր հայորդիներու օգնութեամբ, ՀՕՄի հովանաւորութեամբ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ առաւել քան հազար (1000) արկղ սննդեղէն եւ մաքրութեան իրեր պատրաստուեցան եւ բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ հաստատուած (Երեւան, Արագածոտն, Արարատ, Արմաւիր, Շիրակ, Գեղարքունիք, Լոռի, Տաւուշ, Սիւնիք, Կոտայք, Վայոց Ձոր) Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու:


Անձնազոհ բարերարներու նուիրատուութեամբ ձեռք բերուած ուտեստեղէն, հագուստներ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր տրամադրուեցան ՀՕՄի կեդրոնին դիմած բռնի տեղահանուած արցախահայութեան:
Երկար շաբաթներու արձանագրութիւններէ եւ պատրաստութիւններէ ետք, 18 Նոյեմբերին, ՀՕՄը թափ տուաւ բարեսիրական աշխատանքի 2րդ փուլին եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան տրամադրեց սննդեղէն եւ մաքրութեան անհրաժեշտ իրեր, որոնք կը բաժնուին ՀՕՄի եւ ՀԵՄի ժրաջան անդամներուն միջոցով:
Բարեսիրական այս աշխատանքին 20,000 թոն մաքարոնով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Մենք ենք մեր Սարերը» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը:
Ցարդ, ՀՕՄը բաժնած է 7000 արկղ (ամէն մէկ արկղ կը պարունակէ 100 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սննդեղէն եւ մաքրութեան իրեր). Այսպիսով, առաւել քան 30,000 հայորդիներ օգտուած են ՀՕՄի սոյն ծրագիրէն:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը պիտի շարունակէ անաչառ եւ հետեւողական զօրակցութիւն ցուցաբերել արցախահայութեան՝ որդեգրելով երկարաժամկէտ եւ մնայուն այլ ծրագիրներ:
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
