
7 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին՝ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ յայտարարութեան արձագանգները շարունակուեցան անցնող քանի մը օրերուն։
Արդարեւ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի ողջունեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը` խրախուսելով երկխօսութիւնը եւ բարի կամքի դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտը խորացնելու ուղղութեամբ տարուող ջանքերը:
«Գանատա կ՛ողջունէ երկու ատրպէյճանցիներու եւ 32 հայ զինուորներու ազատ արձակումը եւ դրական կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, զոր երկիրները միջազգային ատեաններու մէջ ցուցաբերած են իրարու նկատմամբ: Մենք քաղաքական երկխօսութեան այս աննախադէպ բացումը կ՛ընդունինք` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող խաղաղ հոլովոյթին ուղղութեամբ քայլ: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ տարուած միացեալ ջանքերուն համար: Գանատա կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային քաղաքական լուծման` հիմնուած Հելսինքեան սկզբունքներուն վրայ եւ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման հետագայ յստակ քայլերը: Գանատա կը խրախուսէ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան աջակցելուն», կ՛ըսուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսիս պապը կիրակնօրեայ աւանդական իր քարոզի ընթացքին ըսաւ, թէ ուրախ է հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներու ազատ արձակման համար՝ յուսալով, որ շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր մը կը կնքուի: Այս մասին հաղորդեց «Թասս» լրատու գործակալութիւնը: «Ես գոհ եմ զգալի թիւով հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորականներու ազատ արձակումով, եւ մեծ յոյսով կը սպասեմ այս դրական ազդանշանին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն համար։Կողմերուն եւ անոնց ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղեմ` որքան կարելի է շուտ հաշտութեան համաձայնագիր կնքելու», աւելցուց պապը:
Թեհրան իր արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասսեր Քանաանի միջոցով գնահատեց Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու աշխատակազմերունն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ զայն նկատելով «դրական իրադարձութիւն»։ «Կայուն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է ամրապնդել խաղաղութեան լեզուն եւ վստահութեան մթնոլորտը տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ, եւ մենք յոյս ունինք, որ այդ նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ կողմերը կը յաջողին հասնիլ խաղաղութեան եւ կայունութեան: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատրաստ է օգնելու երկու կողմերուն՝ յանուն տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ապահովութեան», ըսաւ Քանաանի։
Ֆրանսա եւս ողջունեց Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը շուրջ բանակցութիւններու արագ վերսկսման` Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ: Այս առիթով հրապարակուած Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ այս քայլը դրական ազդանշան է եւ երկու երկիրներուն բարի կամքի դրսեւորումը` մասնաւորաբար գերիներու փոխանակման վերաբերեալ:
«Յոյս ունինք, որ այս յայտարարութիւնները առաջին քայլն են բանտարկեալներու, գերիներու եւ անյայտ կորսուածներու իրավիճակի հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ», յայտարարեց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ ինչպէս Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա բազաթիւ անգամներ ըսած է` կարելի չէ մնայուն խաղաղութիւն հաստատել` առանց միջազգային իրաւունքը յարգելու, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ երկու պետութիւններուն միջեւ սահմաններու անխախտելիութեան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւս ողջունեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեղի ունեցած «դրական զարգացումները եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերջին քայլերը»: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բարձր կը գնահատէ երկու երկիրներուն կողմէ համաձայնեցուած վստահութեան ամրապնդման քայլերը եւ կը յայտնէ, թէ յոյս ունի որ նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ կայունութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերուն, որոնք կը ներառեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ կովկասեան շրջանին մէջ հետագայ զարգացման ձեռքբերումը: Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ համաձայնեցուած բոլոր այն քայլերուն, որոնք կ՛ամրապնդեն ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, եւ կը նպաստեն կայուն կարգաւորման, որուն միջոցաւ երկու երկիրներուն միջեւ կառուցողական համագործակցութեան նոր շրջան կը սկսի: Նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛ընդգծէ կամուրջներ կառուցելու, համագործակցութեան եւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` տարակարծութիւնները խաղաղ ճամբով լուծելու համար»: