Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանգամանալից կերպով ներկայացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ընթացիկ ծրագիրները, հետագայ ընդլայնման եւ խորցման վերաբերող քայլերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման Հայաստանի տեսլականը:
Միրզոյեան անդրադարձաւ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին, անոր առանձին բաղադրիչներուն` ընդգծելով ծրագիրին կարեւորութիւնը ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլ նաեւ աւելի լայն տարածաշրջանին համար:
Այս գծով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն քաղաքական եւ ապահովական երկխօսութեան շարք մը առանցքային հարցերու, որոնց կարգին՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան մշտադիտարկման առաքելութեան:
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորացման հեռանկարներու կարգին՝ մարդոց միջեւ շփումներու, Հայաստանը Եւրոպական Միութեան առաւել մօտեցնելու պարունակին մէջ, Միրզոյեան ընդգծեց մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկին վերաբերեալ վերջնական որոշման կարեւորութիւնը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յաւակնոտ օրակարգին, որոնց մէջ՝ տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններու ներառականութեան եւ Սեւծովեան ելեկտրականութեան փոխադրալարին՝ Հայաստանի միանալու ներուժին:
Շարունակելով տարածաշրջանային նիւթերուն`Միրզոյեան լուսարձակի տակ առաւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող Հայաստանի ջանքերը, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին շուրջ հիմնական մօտեցումները` հանրայայտ սկզբունքներուն համահունչ: