
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ, խումբ մը քոնկրեսականներ 11 Դեկտեմբերին, նամակով մը դիմեցին Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն՝ ամբողջական հաշուետուութիւն պահանջելով հայութեան դէմ խտրական քայլերու դիմած CitiBank-էն։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ ոչ մէկ ամերիկացի պէտք է նման ցեղային խտրականութեան թիրախ դառնայ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու 4րդ մեծագոյն դրամատան կողմէ։
Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս, Միացեալ Նահանգներու Ելեմտական հարցերու յաճախորդներու պաշտպանութեան գրասենեակը վճռեց, որ Citigroup դրամատունը դիտումնաւոր կերպով խտրական կեցուածք ցուցաբերած է ամերիկահայերու դէմ (2015էն 2021), երբ անոնք դրամատունէն պարտաքարտեր (credit cards) ստանալու համար դիմումներ կատարած են։ Իբրեւ պատիժ՝ գրասենեակը պահանջեց դրամատունէն, որ 25.9 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ հայ յաճախորդներուն։
Ըստ դաշնակցային հետախուզութեան՝ դրամատան պաշտօնեաները «եան»ով (yan կամ ian) վերջացող մականուն ունեցող դիմորդներու անուններուն կողքին սովորաբար «վատ անձ» (bad guys) գրութիւնը աւելցուցած են՝ դժուարացնելով անոնց դիմումին վաւերացումը։ Յատկապէս խիստ վերաբերմունքի արժանացած են հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքէն ներկայացուած դիմումները։
Շիֆի կողքին, նամակը ստորագրած են քոնկրեսականներ՝ Սալուտ Քարպահալ, Թոնի Քարտէնազ, Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու, Ռաժա Քրիշնամուրթի, Պարպարա Լի, Մայք Լեւին, Զոյի Լաֆկրըն, Սեթ Մակազինըր, Քեթի Փորթըր եւ Հէյլի Սթիվրնզ։