
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցող Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 75ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քատուղարի օգնական Իլզէ Պրանտս Քեհրիսի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ փոխնախարարը զրուցակիցին ներկայացուց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող Հայաստանի յանձնառութիւնները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ ցեղային զտման պատճառով բռնի տեղահանուած 100,000 հայերու կարիքներուն եւ իրաւունքներուն հասցէագրման վերաբերող հարցեր:
Նշուեցաւ, որ հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի իրավիճակին վերաբերեալ: