
Համայնքային ղեկավար, նախկին պետական պաշտօնակատար եւ յարգուած խորհրդական Կրեկ Մարթայեան նշանակուեցաւ Հովիտի տնտեսական դաշինքի փոխնախագահ՝ ստանձնելով կազմակերպութեան արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին պատասխանատուութիւնը։
Հովիտի տնտեսական դաշինքը պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեամբ յառաջացած մարմին մըն է , որ ի մի կը բերէ ընկերութիւններու, փոքր ձեռնարկութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ նպաստելու համար շրջանի բարգաւաճման ջանքերուն։
Անոր լիազօրութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնան Սան Ֆերնանտօ հովիտի հինգ քաղաքներ՝ Պըրպենք, Քալապասաս, Կլենտէյլ, Սան Ֆերնանտօ եւ Լոս Անճելըս՝ 400 քառակուսի մղոն տարածք մը։
Հովիտի տնտեսական դաշինքի նախագահ Սոնիա Պլէյք ողջունեց Մարթայեանի նշանակումը, զայն նկատելով յատկանշական յաւելում մը կազմակերպութեան գործադիր մարմինին համար։
Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըր եւ այլ քաղաքական ղեկավարներ եւ ընկերութիւններու ղեկավարներ եւս ողջունեցին նշանակումը, մինչ Մարթայեան խոստացաւ մօտէն գործակցիլ հինգ քաղաքներու ղեկավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանի գործարարներուն հետ, շրջանին տնտեսական վիճակը բարելաւելու նպատակով։