Եւրոպական խորհուրդի նախագահ «Ազատութեան» հետ ունեցած յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը ժրաջան աշխատանք կը տանի, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը իրականացնել, եւ որ այդ հարցին շուրջ կը շարունակէ բանակցութիւնները Պաքուի ղեկավարութեան հետ:
Ան խուսափեցաւ Ղարաբաղ բառը գործածելէ՝ «Ատրպէյճանի այդ տարածքը» եզրով խօսելով Արցախի մասին, իսկ արցախահայութեան մասին խօսած ատեն գործածեց «անոնք» դերանունը։
«Կը կարծեմ, թէ անոնք (արցախահայութիւնը-Խմբ.) պէտք է վերադառնալու իրաւունք ունենան կամ գոնէ կարենան այցելել Ատրպէյճանի այդ հատուածը, եւ անոնց ապահովութիւննը եւ իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուած ըլլան: Փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան առումով կան միջազգային չափանիշներ, որոնք պէտք է յարգուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան համաձայն, որուն ծիրին մէջ ալ պէտք է փոքրամասնութիւններու այդ իրաւունքները երաշխաւորուին», ըսաւ ան:
«Ազատութեան» լրագրողը դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք կը պնդէր, որ Ղարաբաղի հայերուն պէտք է ապահովութեան եւ իրաւունքներու պահպանման միջազգային երաշխիքներ տրուին՝ հարցնելով, որ արդեօք խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ այդ հարցին անդրադարձ կա՞յ, թէ Ղարաբաղի հայաթափումէն ետք անիկա կորսնցուցած է իր հրատապութիւնը։ Միշէլ պատասխանեց՝ ըսելով, որ չ՛ուզեր խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ՝ նոյն ժամանակ ընդգծելով, որ այդ հարցով երաշխաւորը պէտք է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ըլլան։ «Այս նիւթով մենք պէտք է յարաբերինք Ատրպէյճանի նախագահին հետ, որպէսզի բարձրացնենք աչալրջութիւնը եւ փորձենք համոզել Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ ցոյց տալ, որ անոնք կը փափաքին պաշտպանել փոքրամասնութիւնները եւ երաշխաւորել, որ միջազգային չափանիշները պահպանուին: Ա՛յս է մեր ունեցած քաղաքական բանավէճը, եւ ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ մենք կրնանք յառաջընթաց արձանագրել Եւրոպական Միութեան համար գերակայ այս հարցին մէջ», շեշտեց ան։
Միշէլը երկու տարիներէ ի վեր` Դեկտեմբեր 2021էն, հանդիպումներ կը կազմակերպէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ, մինչ այդ անոնք քանի մը անգամ միացեալ յայտարարութիւն որդեգրեցին` յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:
Իբրեւ միջնորդ ու հանդիպումներու անմիջական մասնակից՝ Միշէլ լուսարձակի տակ առաւ այն, որ բանակցութիւններուն առանցքը առաջին հերթին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է, որուն համար անհրաժեշտ է խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ սահմանազատման գործընթացին վրայ, եւ որ նաեւ կրնայ ունենալ լաւ շրջանակ մը եւ օգտագործուիլ իբրեւ գործիք` տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւնը բարելաւելու համար, ինչ որ նաեւ լաւ է այս տարածաշրջանի միւս երկիրներուն, որոնց կարգին, օրինակ, Վրաստանի տնտեսական զարգացման համար։
«Ազատութեան» լրագրողին յաջորդ հարցումը կը վերաբերէր խաղաղութեան պայմանագիրին, ան հարցուց, որ արդեօք պիտի ունենա՞յ յատուկ երաշխաւոր, որ պիտի վերահսկէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գործադրութեան։ Միշել ուղղակի չպատասխանեց, այլ ըսաւ, որ փաստօրէն միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ Եւրոպական Միութիւնը կը նայի, թէ ի՛նչ կը կատարուի աշխարհի այս հատուածին մէջ՝ չտալով որեւէ երաշխաւորի անուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՛ւր կրնայ կնքուիլ՝ կողմերուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք կամ Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ եղած նման համաձայնագիր մը՝ Միշէլ ըսաւ, թէ վայրը կարեւոր չէ, այլ` բովանդակութիւնը:
«Քանի մը օր առաջ իրականութիւն դարձած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը մասամբ նաեւ մեր օգնութեան շնորհիւ է: Մենք կը խրախուսենք զանոնք, կը փորձենք նաեւ կազմակերպել հանդիպում մը, որ կրնայ տեղի ունենալ Պրիւքսէլի մէջ։ Բայց կարեւորը, մեր կարծիքով, հիմնականին մէջ արդիւնքն է, քան հանդիպման վայրը, որովհետեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի մէջ ապրող մարդոց եւ մեզի համար խաղաղութիւնը, ապահովութիւնը եւ բարգաւաճումը առաջնահերթ են»։
«Ազատութիւն»ը նշեց, թէ վերջին ամիսներուն, արեւմուտքէն շարունակ զգուշացումներ կ՛ուղղուին Ատրպէյճանին` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու վերաբերեալ: Թէ՛ Ուաշինկթըն, թէ՛ Պրիւքսէլ հրապարակաւ կը յայտարարեն, թէ նման բան չեն հանդուրժեր։
«Ի՞նչ է այս մտավախութեան հիմքը», հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Միշէլ յայտնեց, որ, թէեւ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, թէ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային նկրտումներ չունի, բայց հաղորդակցութեան ուղիներու բացման գծով կան տարակարծութիւններ։
«Իրականութեան մէջ, եթէ իսկապէս ստոյգ ըլլանք, բանավէճ կայ Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապելու ճշգրիտ ձեւերուն շուրջ` համոզուելու, որ անոնք կը յարգեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ օրէնսդրութիւնը», ըսաւ ան:
ակառակ տարածաշրջանի խաղաղութեան նպաստելու արեւմուտքի ջանքերուն` փաստօրէն Եւրոպական Միութեան եւ Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները վերջին մէկ ամսուան ընթացքին դադրած են: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մէկը միւսին ետեւէն արդէն երեք հանդիպում մերժեց` տարբեր պատճառաբանութիւններով:
«Չունի՞ք այն տպաւորութիւնը, որ ատրպէյճանական կողմը կը ձգձգէ գործընթացը եւ կը մոլորեցնէ ձեզ», հարցումին պատասխանելով՝ Միշէլ հաստատեց, որ Պրիւքսէլ լաւատես է, եւ «կը շարունակէ նոր հանդիպում կազմակերպելու փորձերը»: