Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿի դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու նախարարական հաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան դարձեալ կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ շատ յստակ եւ գործուն քայլեր առնելու՝ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիները բանալու նպատակով:
Միջազգային այս հաւաքին նախաձեռնած է Երեւան, որ նաեւ կը հիւրընկալէ զայն: Այս նպատակով, Հայաստան կը գտնուին շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ եւ տասնեակ երկիրներու այլ ներկայացուցիչներ:
Դէպի ծով հասանելիութեան մեծացման եւ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները արտայայտուած են «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին մէջ, ընդգծեց Փաշինեան:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստակամութիւն է յայտնում վերականգնել երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Ադրբեջանի եւ Հայաստանի միջեւ, ընդ որում, երկու՝ նախկինում գոյութիւն ունեցած երկաթուղիների միջոցով: Մենք նոյն խնդիրն ու պատրաստակամութիւնը ցուցաբերում ենք նաեւ Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղին բացելու առումով եւ Հայաստան-Թուրքիա երկու աւտոճանապարհները՝ նախկինում գոյութիւն ունեցած վերակառուցելու եւ վերաբացելու առումով», ըսաւ Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ Երեւանի առաջադրած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը հիմնուած է յստակ սկզբունքներու վրայ, որոնց գլխաւորը այն է, որ բոլոր ենթակառուցուածքները պէտք է գործեն իրաւազօրութեան եւ ինքնիշխանութեան տակ այն երկիրներուն, որոնց տարածքով կ՛անցնին անոնք:
«Այս նախագիծն առնչւում է դէպի ծով ելք չունեցող երկու երկրների՝ Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ Ադրբեջանին: Այսօր էլ մենք, ըստ էութեան, դէպի ծով ելքի հնարաւորութիւն ունենք բարեկամական, եղբայրական Վրաստանի եւ բարեկամական Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջոցով, բայց մենք, կարծում ենք, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը կ՛ընդլայնի ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ադրբեջանի հնարաւորութիւնները՝ դէպի ծով ելքի», յայտարարեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Կ՛ուզենայի առնուազն երէկուայ իրադարձութիւնը համարել մի 0ական կէտ, որից մենք կը կարողանանք առնուազն փորձել եւ ջանքեր գործադրել, որպէսզի յետագայ բոլոր լուրերը աւելի շատ վկայեն Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հաւանականութեան մեծացման եւ ոչ թէ հակառակի մասին»:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւան ամէն ձեւով կ՛արդիականացնէ եղած հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան ուղիները, օրինակը՝ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիին շինարարութիւնը, զոր Հայաստան կը կառուցէ աւելի քան տասնեակէ մը աւելի: «Որը բարձր առաջնայնութիւն ունեցող ռազմավարական ծրագիր է մեր երկրի համար: Այն ոչ միայն կ՛ապահովի աւելի դիւրին հաղորդակցութիւն Հայաստանի հիւսիսային ու հարաւային շրջանների միջեւ, այլ նշանակալի կերպով կը նպաստի Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովի միջեւ փոխկապակցուածութիւնը՝ դառնալով կարեւոր տարանցիկ հանգոյց Արեւմտեան Ասիայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի միջեւ», ըսաւ Միրզոյեան:
Նախաձեռնութեան ներկայ էին նաեւ շարք մը տարանցիկ երկիրներու՝ Հնդկաստան, Վրաստան եւ Թուրքիոյ պատուիրակներ. ըստ Միրզոյեանի՝ այս երկիրներով տարանցման հնարաւորութիւնը տնտեսական առումով կարեւոր է Հայաստանի համար:
«Միջոցառումը եւս ի մի է բերում երկրների այս երկու խմբին՝ քննարկելու համար այն բացերը, որոնք առկայ են տարածաշրջանային դէպի ծով ելք չունեցող եւ տարանցիկ երկրների միջեւ յարաբերութիւններում՝ ուսումնասիրելու այն բոլոր հնարաւորութիւնները եւ հեռանկարները, խորացնելու համագործակցութիւնը», նշեց արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմ քաղաքականութեան վարչութիւն պետ Դաւիթ Կնեազեան:
Նախարարական հաւաքին մասնակցելու համար Երեւան հրաւէրներ ուղարկած էր նաեւ Պաքուին, բայց Ատրպէյճանէն ներկայացուցիչ չեկաւ Հայաստան, իսկ Անգարայէն Երեւան եկաւ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին քարտուղարը: