14 Դեկտեմբեր թուակիր նամակով մը, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան կոչ ըրաւ, որ Հայաստանին յատկանշական օժանդակութիւն մը նկատի ունենան նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային ապահովութեան յաւելուածական ամավարկին մէջ։
Շիֆ կը շեշտէ, թէ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն եւ յարձակումներուն պատճառով, Արցախէն բռնի տեղահանուած առաւել քան 100,0000 գաղթականներուն կարիքները հոգալու պարտադրանքին տակ գտնուող Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնց հաշուարկներով՝ 1.5 միլիառ տոլար գումար պէտք է ծախսել՝ Արցախէն տեղահանուածներուն բնակարանային կարիքները հոգալու համար։
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։