
ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
5 Դեկտեմբեր 2023ին, Ամերիկայի Քոնկրեսի յանձնախումբերէն մէկուն կողմէ (House Committee on Education and Workforce) հարցաքննութեան կանչուած էին Ամերիկայի հռչակաւոր համալսարաններէն երեքին՝ Harvard-ի, U-Penn-ի եւ MIT-ի նախագահները, պատասխան տալու իրենց համալսարաններէն ներս տեղի ունեցող հակասեմական կամ հակահրէական դէպքերու մասին:
Երեք համալսարաններուն մէջ ալ կարգ մը խռովութիւններ տեղի ունեցած էին Պաղեստինի ի նպաստ ցոյցերու ընթացքին, ուր ցուցարարները մեղադրած էին Իսրայէլը՝ որպէս «Համաս»ի ահաբեկչութեան ծնունդ տուող աղբիւր՝ զինք արժանի դարձնելով այդպիսի ահաբեկչութեան: Ամերիկայի հրեայ համայնքը մտահոգ էր, որ այդ համալսարանները պէտք եղած չափով զսպած չէին հակաիսրայէլեան շարժումները, զսպուած չէր ատելավառ կեցուածքը ցուցարարներուն՝ հրեայ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու դէմ:
Հրեայ ծագումով քոնկրեսական էլիզ Սթեֆանիք «Հարվըրտ»ի նախագահին ուղղած իր հարցումով ուզեց յստակ պատասխան ստանալ, թէ հրեաներու դէմ ցեղասպանութեան կոչ ընելը «ահանգստացնող» (harassment) բառին տակ իյնալով շեղում կը սեպուի՞ համալսարանի կանոններէն եւ պատժելի կը դառնա՞յ: Երբ յստակ պատասխան չստացաւ, ան ուզեց բացայայտ «այո» կամ «ոչ» պատասխան մը:
Երեք համալսարաններու նախագահները փորձեցին ըսել, թէ ատելութեան արտայայտութիւնը (hate speech) կախում ունի պարունակէն (context) եւ չի կրնար դատավարելի (actionable) դառնալ: Աշակերտները կրնան արտաքսուիլ, եթէ ատելութեան արտայայտութիւնը գործի ընթացք (conduct) ստանայ: Երեքն ալ ուզեցին վեր պահել ազատ արտայայտուելու իրաւունքը եւ չուզեցին «այո» կամ «ոչ» պատասխան տալ քոնկրեսական Էլիզ Սթեֆանիքին:
Անմիջապէս երեք նախագահներուն հրաժարականը պահանջող ձայներ բարձրացան: U-Penn-ի նախագահը իր հրաժարականը տուաւ, իսկ միւս երկու նախագահներուն կողքին կանգնեցան իրենց համալսարաններուն մէջ գործող աշխատակիցները: Միլիառատէր Պիլ Աքման, որ 24 միլիոն նուիրատուութիւն ըրած էր «Հարվրրտ»ին, խիստ քննադատութիւններով պահանջեց նախագահին հրաժարականը։ Ուրիշ մեծ նուիրատուներ ալ զայրոյթ յայտնեցին՝ խարանելով նախագահներուն կողմէ եղած անկողմնակալ արտայայտութիւնները:
Առաւել՝ 71 քոնկրեսականներ, Հանրապետական եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւններէն, նամակ յղեցին երեք համալսարաններու կառավարիչներու խորհուրդներուն (Board of Directors)՝ անոնցմէ պահանջելով հրաժարականները այդ երեք նախագահներուն:
Իսրայէլի ՀԶՕՐ բանակը եւ Ամերիկայի իսրայէլեան ՀԶՕՐ համայնքը կամ լոպին ձեռք-ձեռքի տուած՝ ամէն ինչ կ՛ընեն խեղդելու համար ամէն ձայն, որ կը բարձրանայ Իսրայէլի չափազանցեալ ուժի կիրարկումը դատապարտող:
Խումբ մը ահաբեկիչներու անընդունելի արարքին դէմ ոչ-նուազ ահաբեկիչ արարքով Իսրայէլի որդեգրած պատժամիջոցը երկու միլիոն ժողովուրդի դէմ՝ անոնց տուները քարուքանդ դարձնելով, անմեղ մանուկները հազարներով սպաննելով ու որբացնելով, ապրելու ամէն պէտքերէ ժողովուրդ մը ամբողջ զրկելով ո՛չ համբաւ, ո՛չ ալ պատիւ կը բերէ Իսրայէլի եւ հրեայ ժողովուրդին: Ցեղասպանութիւն ճաշակած ժողովուրդ մը ինչպէ՞ս կը յանդգնի այսքան ամբարտաւանութեամբ անտեսել աշխարհի պահանջը, որ դադրին կրակն ու սպանդը: Հզօր հրեայ համայնքի պահանջքին ենթարկուած Ամերիկան էր, որ դէմ կեցաւ պատերազմը դադրեցնել ուզող ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ պահանջին:
Այսքան ամբարտաւանութիւն վստահաբար չի բխիր գիտակից հրէութիւն կամ հակասեմականութիւն ՏԱՐԱԾԵԼ ՉՈՒԶՈՂ հրեաներու կողմէ: Նեթանիահուն եւ իր շուրջ հաւաքուած կրօնապաշտները նոյնքան մեղադրելի են՝ որքան «Համաս»ի կրօնապաշտները. երկուքն ալ կը մերժեն երկու պետութիւն ստեղծելու Քեմփ Տէյվիտի մէջ առնուած որոշումը՝ միանգամընդմիշտ լուծելու համար արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը:
Չափազանցեալ ուժի գործածութիւնը շատ հաւանաբար պիտի տայ իր ժխտական արդիւնքը, որու պատճառաւ վերջերս նախագահ Պայտըն եւս, որ նախնական հանգրուանին անվերապահ աջակցութիւն յայտնած էր Նեթանիահուի սանձարձակ քայլին՝ Կազան հիմնայատակ կործանելու եւ «Համաս»ը արմատախիլ ընելու, սկսած է իր վերապահութիւնը զգալի դարձնել՝ խօսելով լուծումի մը մասին, որով պաղեստինցիներուն պէտք է տալ պետութիւն մը:
Նախագահ Պայտըն, վստահաբար, նման արտայայտութիւն ունեցաւ խորհրդակցելով Ամերիկայի հռչակաւոր հրեայ լոպիին եւ Իսրայէլով մտահոգ դաշնակիցներուն հետ, որոնք չափազանցեալ ուժի կիրարկումին մէջ կը տեսնեն ոչ-նպաստաւոր աշխարհ մը Իսրայէլի հանդէպ: Վստահաբար երեք հռչակաւոր համալսարաններու նախագահներուն հետ կը կանգնին նաեւ մեծ թիւով ամերիկացիներ, որոնք հեշտ աչքով չեն դիտեր Ամերիկայի հզօր հրեայ լոպիին ամբարտաւանութիւնն ու մեծխօսիկութիւնը (bullying)՝ իրենց համբաւաւոր համալսարաններու նախագահներուն նկատմամբ: