«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ, թէեւ ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու Մոսկուայի մէջ հաւաքին պաշտօնական Երեւան 18 Դեկտեմբերին մասնակցեցաւ փոխվարչապետի մակարդակով, սակայն Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ այլ՝ ՀԱՊԿի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստը պիտի գումարուի առանց հայկական կողմէ որեւէ ներկայացուցիչի:
Ազգային ժողովէն վերահաստատեցին, որ Մոսկուա պիտի երթան ո՛չ խորհրդարանի խօսնակը, ոչ ալ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը: Ալէն Սիմոնեան աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ պատճառը ՀԱՊԿէն Երեւանի դժգոհութիւններն են:
«Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք ներխուժել են երրորդ երկրի ուժեր, եւ ՀԱՊԿը նոյնիսկ քաղաքական գնահատական չի տուել՝ գնանք այնտեղ ինչի՞ համար», ըսաւ ան:
Հակառակ Մոսկուայի առաջնորդած կառոյցներու նիստերը պոյքոթի ենթարկելու՝ Երեւանի այս հիմնաւորումներուն՝ վերջերս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պնդեց, որ հայկական կողմի «բացակայութիւնները պայմանաւորուած են հայաստանեան գործընթացներով եւ կապ չունին այդ համարկումի միաւորումներուն հետ աշխատանքը չշարունակելուն հետ»:
Հայաստանէն եւս ընդունեցին, որ այժմ մտադրութիւն չկայ այդ կառոյցներէն դուրս գալու, սակայն ՀԱՊԿէն ունեցած դժգոհութիւնները կը մնան:
«Իրավիճակն այնպիսին է, որ մենք ամէն դէպքում մեր գործընկերների հետ պէտք է բաց ու թափանցիկ խօսենք, ինչը մենք միշտ արել ենք ու ակնկալել ենք նման պահուածք ու հիմա էլ ենք ակնկալում: Ես ամենայն անկեղծութեամբ ուզում եմ յոյս յայտնել, որ մեզ ի վերջոյ կը յաջողուի աշխատանքային այնպիսի պայմաններ ստեղծել, որ երկուստեք մենք կը հասկանանք մեր փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը», ըսաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վաղարշակ Յակոբեան:
«Ազատութիւն»ը նաեւ կը յայտնէ, թէ, այդուհանդերձ, հայկական կողմի բացակայութեամբ ՀԱՊԿի խորհրդարանական վեհաժողովի 19 Դեկտեմբերի նիստին պիտի քննարկուի նաեւ ՀԱՊԿի միասնական Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգ ստեղծելու հարցը: Ատոր ստեղծման մասին յայտարարուեցաւ 22 Նոյեմբերին, Մինսքի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿի երկիրներու ղեկավարներու հաւաքէն ետք, որուն Հայաստանի վարչապետը չմասնակցեցաւ:
Այդ օրը ՀԱՊԿը առաւել քան տասնեակ մը փաստաթուղթեր որդեգրեց: Կ՛ակնկալուի, որ կառոյցի ընդհանուր քարտուղարը այցելէ Երեւան եւ հայկական կողմին փոխանցէ զանոնք, որպէսզի Հայաստան եւս միանայ անոնց:
Պաշտօնական Երեւան այդ օրերուն նշեց, թէ պիտի սերտէ փաստաթուղթերուն միանալու հարցը, նաեւ՝ ՀԱՊԿի միասնական ՀՕՊ համակարգի ստեղծումը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին նոր տեղեկութիւններ չի հաղորդեր: Համակարգին միանալ-չմիանալու հարցով զգուշաւոր են նաեւ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»ին մէջ:
Յակոբեան յայտնեց, որ Հայաստանի ապահովութեան վերաբերող հարցերուն նկատմամբ շատ զգոյշ մօտեցում պէտք է ունենալ։ «Մենք պէտք է շատ սթափ լինենք, պէտք է գնահատենք իրավիճակը. Հայաստանի Հանրապետութիւնն այժմ գտնւում է խաղաղութեան պայմանագրի աշխատանքների բուռն պրոցեսում (գործընթացին մէջ), բայց մեզ համար անվտանգային երաշխիքները չափազանց կարեւոր են», ըսաւ ան:
Յունիս 2016էն ի վեր կը գործէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած համակարգը, որուն դէմ քուէարկած էր այն ժամանակ ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան՝ պնդելով, թէ անոր ստեղծումով որեւէ հարց չի լուծուիր:
Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքին յայտնած էր, թէ ՀԱՊԿի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին հայկական պատուիրակութեան բացակայութիւնը պիտի չազդէ հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգ ստեղծելու որոշման վրայ: