
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Փարիզի քաղաքապետարանը հաստատած էր արցախահայութեան՝ Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհել նախատեսող բանաձեւը։ 13 Դեկտեմբերին, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի կողմէ համապատասխան վկայագիրին յանձնումի արարողութիւնը՝ Ֆրանսայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանին, որ զայն ստացաւ յանուն բոլոր արցախցիներուն։
Այս առիթով, Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը կը յայտարարեց հետեւեալը. «Իր պատուոյ քաղաքացիութիւնը շնորհելով Ատրպէյճանի կողմէ իրենց երկրէն վտարուած արցախցիներուն՝ Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը կը վերականգնէ անոնց վիրաւորուած արժանապատւութիւնը: Փարիզցի չենք դառնար Փարիզ ծնելով, այլ՝ հոն վերածնելով (Սաշա Կիթրի): Արցախ պիտի վերածնի Փարիզէն: Մենք մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյին եւ Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդին, արցախցի մեր բոլոր հայրենակիցներուն անունով»: