Տրուած յանձնարարականներու կատարման մէջ ձախողելու մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն շուրջ ինն ամիս ետք, Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի յարակից տարածքները ատրպէյճանցիներու յառաջխաղացքին համար ոեւէ պաշտօնեայ պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած: «Ազատութեան» հարցումին իբրեւ պատասխան՝ գլխաւոր դատախազութենէն յայտնեցին, որ յարուցուած քրէական գործով ոեւէ անձի դեռ մեղադրանք չէ ներկայացուած:
Ապրիլին գործը յարուցուած է զինուորական անփութութեան յօդուածով, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է մարտական առաջադրանքի կամ այլ ռազմական միջոցառման խափանում: Այս յօդուածով չորսէն ութ տարուան բանտարկութիւն կը սահմանուի:
Գարնան, Տեղ գիւղի դիրքերուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յառաջխաղացքին պատճառով հայկական կողմը ունեցաւ ոչ միայն տարածքային, այլ նաեւ մարդկային կորուստներ: 4 զինուորներ զոհուեցան, եւ 6 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Արիւնալի այդ բախումէն ճիշդ մէկ օր ետք Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն խոստովանեցաւ, թէ այդ իրավիճակը կանխատեսելի էր, եւ ճիշդ այդ պատճառաւ ինք յստակ անձերու տուած է յստակ յանձնարարականներ: Ան պնդեց, որ «դրանց կատարումը ձախողուել է»:
Սակայն մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ որո՛նց յանձնարարութիւններ տուած է Փաշինեան եւ ինչ պայմաններու մէջ կարելի չէ եղած զանոնք իրականացնել: Շուրջ ինն ամիսներու քննութենէ ետք իրաւապահները եւս չկրցան ստանալ այս հարցումին պատասխանը:
Այդ օրերուն, ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Արման Մարալչեան պաշտօնանկ եղաւ, բայց պաշտօնապէս չյստակեցաւ, որ արդեօք զայն հեռացնելու պատճառը այս միջադէ՞պն էր:
Իրաւապաշտպան Ժաննա Ալեքսանեան կը տարակուսի, որ ինչպէ՞ս կրնան իրաւապահները ամիսներ շարունակ քննել այդ աղմկայարոյց միջադէպը, սակայն ոեւէ պաշտօնեայի նկատմամբ մեղադրանք չներկայացնել: Ըստ անոր՝ առնուազն ձերբակալուած անձեր պէտք է ըլլային, եթէ իսկապէս յանձնարարականները չեն կատարուած:
«Բացառում եմ ուղղակի, որ նա յանձնարարական տուած լինէր, հետեւողական լինէր, եւ նրանք չկատարէին, այսինքն` ինչպէ՞ս են տրւում այդ յանձնարարականները: Եթէ մի մարդ այդ ահազանգը ստանում է, որ թշնամին ներխուժել է Տեղ գիւղ եւ բլոկբաստերի մասին է խօսում, նա ինչպէ՞ս կարող է լուրջ յանձնարարական տալ իրաւապահ մարմիններին», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Ալեքսանեան:
Ըստ «Ազատութեան»՝ ատրպէյճանցիները Տեղ-Աղաւնոյ ճամբուն կից տեղակայուեցան, երբ, 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան համաձայն, պէտք է փոխուէր Արցախը Հայաստանին կապող երթուղին: Ժամեր ետք Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնեց, որ սահմանային 5 կէտերու մէջ ատրպէյճանցիները մինչեւ 300 մեթր աւելի առջեւ տեղակայուած են:
Հետագային, հայկական կողմը թէեւ հաստատեց, որ համայնքին յարակից դիրքերուն մէջ իրավիճակը բարելաւուած է, սակայն պարզ չդարձաւ, թէ ինչ բարելաւման մասին էր խօսքը, երբ Ատրպէյճանի բանակը դուրս չեկաւ Տեղ գիւղի հողատարածքներէն:
Ալեքսանեան այս գծով յիշեցուց ապահովական հարցերու մասին Նիկոլ Փաշինեանին տարբեր փուլերու կատարած յայտարարութիւնները, որոնք, ըստ անոռ, մէկ նպատակ ունին` փակել քաղաքական պատասխանատուութեան հարցը:
«Որեւէ ոլորտում, ընդհանրապէս որեւէ հարցում այս իշխանութիւնն առանձնանում է պատասխանատուութեան բացակայութեամբ, եւ մենք շատ ենք տեսնում, որ Փաշինեանն այն, ինչ որ իր հրամանագրի կամ իր հրահանգի, իր բանակցելու եւ այլ հարցերում, որ ինքն է անմիջապէս պատասխանատու, ինչպէս է դա փորձում փոխանցել այլոց վրայ, կամ ընդհանրապէս գերադասում են լռել եւ ոչինչ չտեղեկացնել, ինչպէս այդ օրն էր` Տեղ գիւղի», նկատել տուաւ Ալեքսանեան։
Տեղ գիւղի դէպքերուն գծով պաշտօնեաներուն պատասխանատուութեան շրջանակը պարզ չէ, մինչ օրս փոխհատուցում չեն ստացած նաեւ այն գիւղացիները, որոնց արտերուն մէջ ատրպէյճանցիները գարնան դիրքաւորուեցան ու խրամատներ փորեցին: