Հայաստան հասաւ Թեհրանի Հայոց թեմին կողմէ արցախահայութեան օգնութեան առաջին բեռնաքանակը։ 17 թոն բեռը կը ներառէ մաքրութեան պարագաներ, սննդեղէն ու կաթսաներ։
Վառարաններ եւ մաքրութեան պարագաներ ներառող երկրորդ բեռնաքանակը կը գտնուի մաքսատան մէջ՝ թղթաբանութեան փուլին մէջ։
Yerkir.am-ը այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան պահեստներէն մէկը, ծանօթացաւ ՀՕՄի աշխատանքներուն եւ վերջին բեռնաքանակին։
ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քեշիշեան ներկայացուց անցեալ ամիսներուն ընթացքին իրականացուած աշխատանքները՝ նշելով, որ հասցուցած են օգնութիւն տրամադրել Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ բնակող Արցախի շուրջ 7000 ընտանիքներու։ Օգնութեան ծրագիրը իրականացուցած են քանի մը փուլով։ Օգնութեան այս բեռնաքանակը ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին մինչեւ Ամանոր։

Արցախահայութեան օժանդակելու՝ Թեհրանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի կեանքի կոչած յանձնախումբի ատենապետ Ալֆրէտ Քեշիշեան յայտնեց, որ տեղահանուած արցախահայութեան կարիքները ճշդելու համար, նախ կապ հաստատած են Հայաստանի Կարմիր Խաչին, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) եւ Հայաստանի Ազգային սկաուտական կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ) հետ, յստակացնելու համար անհրաժեշտ կարիքները: Ապա որոշած են օգնութիւնները կեդրոնացնել վերմակներ, ծածկոցներ եւ տաք հագուստներ, ինչպէս նաեւ ելեկտրական վառարաններ գնելու վրայ։ Առաջին բեռնաքանակին մէջ բացի ծածկոցներէն, կան նաեւ սննդեղէն եւ կաթսաներ։ Ալֆրէտ Քեշիշեան տեղեկացուց, որ երկրորդ բեռնաքանակին մէջ ներառած են մաքրութեան պարագաներ եւ ելեկտրական վառարաններ, իսկ երրորդ բեռը ամբողջութեամբ պիտի վառարաններ պիտի պարփակէ։
ՀՕՄի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան փոխատենապետ Մելանիա Բալայեան երախտագիտութիւն յայտնեց Սփիւռքի հայրենակիցներուն, ՀՕՄին, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներուն եւ իրանահայ համայնքին։