Շուէտի Սէօտերթալյէ քաղաքի Սուրբ Մարիամ Հայ առաքելական եկեղեցին ենարկուած է թալանի. գողցուած են թանկարժէք իրեր: Այս մասին յայտնեց TelgeNytt-ը:
Ոստիկանութիւնը սկսած է հետաքննութեան:
Ներխուժման ստոյգ ժամը յայտնի չէ, սակայն կ՛ենթադրուի, որ անիկա տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի գիշեր կամ Հինգշաբթի առաւօտեան:
Տակաւին յստակ չէ նաեւ, թէ քանի գողեր մասնակցած են կատարուածին: Հաւանական է, որ անոնք եկեղեցի մուտք գործած ըլլան պատուհանէն, որ կը տանի դէպի եկեղեցւոյ կից գտնուող սենեակը: Այս վայրը կ՛օգտագործուի մկրտութիւններու, հարսանիքներու եւ այլ ձեռնարկներու համար:


Հաղորդուեցաւ, որ գողցուած իրերը մեծ արժէք ունին եւ եկեղեցւոյ համար նաեւ հոգեւոր մեծ արժէք կը ներկայացնեն:
«Մենք նման բան չէինք ակնկալեր: Սուրբ Ծնունդէն առաջ մենք կանգնած ենք դատարկ զոհասեղանին առջեւՄ, TelgeNytt-ին ըսաւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Շառոյեան՝ աւելցնելով. «Չեմ գիտեր, որ ասիկա ինչի նշան է, բայց մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ մեր եկեղեցւոյ սպասաւորները ապահով զգան»: