ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՌՈՒՍԻԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ՞
ՀԱՊԿէն Հայաստանի լուրջ դժգոհութիւններու լոյսին տակ, 21 Դեկտեմբերին, Երեւան այցելեց կառոյցի Ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով, որ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ:
Կարճ հաղորդագրութեան մէջ պաշտօնական Երեւան տեղեկացուց, որ Ընդհանուր քարտուղարը Արարատ Միրզոյեանը տեղեակ պահեց Մինսքի մէջ գումարուած ՀԱՊԿի նիստի արդիւնքներուն մասին:
Կը նշուի, որ հանդիպման ընթացքին անոնք միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի, երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ տնտեսական փոխկապակցուածութեան զարգացման վերաբերող նախագիծերու, որոնց կարգին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» հայեցակարգին վերաբերեալ:
Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր. ոչինչ կ՛ըսուի այն մասին, թէ արդեօք Հայաստան պիտի միանա՞յ Նոյեմբերին հայ պաշտօնեաներու բացակայութեան գումարուած նիստի որոշումներուն: Թասմակամպեթով ճիշդ այդ նպատակով Երեւան կը գտնուի:
Չի հաղորդուիր նաեւ, որ արդեօք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի ընդունի՞ Թասմակամպեթովը: Ամէն պարագայի երկու օր առաջ վարչապետը Հանրայինի եթերէն դարձեալ քննադատեց Մոսկուայի առաջնորդած ռազմական դաշինքը, որ Ատրպէյճանի յարձակումներուն ընթացքին ոչ միայն ռազմական օգնութիւն չտրամադրեց Հայաստանին, այլ նաեւ քաղաքական գնահատական չտուաւ Պաքուի գործողութիւններուն: Փաշինեան ընդգծեց՝ ՀԱՊԿն, նաեւ Ռուսիան մինչ օրս չեն ընդունիր, որ իրենց համար կարմիր գիծ համարուող Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտած է:
«Իրենք ասում են՝ չէ, ոնց որ թէ կարմիր գիծը չի խախտուել, ասում ենք՝ շատ լաւ, էս թուղթը, էս գրիչը, մի հատ գծէք՝ ձեր ասած կարմիր գիծը որտեղով է անցնում: Ընդ որում, ասում ենք՝ մեր մեկնաբանութեան հետ եթէ համաձայն չէք, խնդիր չկայ, դուք ձեր ձեռքով գծէք էդ կարմիր գիծը, հասկանանք էդ կարմիր գիծը որտեղով է անցնում, իրենք ասում են՝ չենք կարայ կարմիր գիծը գծենք, նշանակում է՝ դուք Հայաստանում կարմիր գիծ չունէք, դուք գալիս էք Հայաստանում ի՞նչ անեք», դիտել տուաւ Փաշինեան:
Նոյեմբերին ՀԱՊԿի վաւերացուցած ծրարին մէջ նաեւ միասնական Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ստեղծելու հարցը կար: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումէն ետք ալ չյստակացուց իր դիրքորոշումը: Աւելի կանուխ նշած էին, թէ այդ հարցը պիտի դիտարկեն փաստաթուղթերուն ծանօթանալէ ետք:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ յստակ չէ, որ որքան ատեն պաշտօնական Երեւան պոյքոթի պիտի ենթարկէ կառոյցի նիստերը, բայց ռազմական դաշինքէն հեռանալու մտադրութեան մասին նոյնպէս չեն խօսիր: Նախորդ շաբաթ ալ Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ չի կարծեր, թէ Հայաստանի շահերէն կը բխի ԱՊՀին, ՀԱՊԿին ու ԵԱՏՄին անդամակցութիւնը դադրեցնելը:
Ի դէպ, յառաջիկայ օրերուն, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը նախատեսուի ԵԱՏՄի բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը եւ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հաւաքը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը 20 Դեկտեմբերին պնդեց, որ Մոսկուան պատրաստ է Երեւանի հետ բոլոր հարցերը լուծել կառուցողական եղանակով: «Մենք կը հիմնուինք այն իրականութեան վրայ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի օգտուի Ռուսիոյ նախագահին հրաւէրէն եւ 25-26 Դեկտեմբերին պիտի գայ Ս. Փեթերսպուրկ» ըսաւ Մարիա Զախարովա:
Մնայուն պոյքոթէն ետք Փաշինեան արդեօք Ռուսիա պիտի մեկնի՞, տակաւին կառավարութունը ոչինչ յայտնած է: