
Ս. Նահատակաց վարժարաններու ցանցին (Ֆերահեան երկրորդական վարժարան, Մարի Գապայեան նախակրթարան եւ ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուր) ընդարձակման ծրագիրը աշխուժօրէն կը յառաջդիմէ, Նորթ Հիլզի համալիրին կողքին 1.7 արտավար (էյքըր) տարածք մը գնելու նախաձեռնութեամբ, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աշակերտներու աճող թիւին կարիքները գոհացնել։
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Ազգային վարչութեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին եւ վարժարաններու ցանցի հոգաբարձական կազմին համագործակցութեամբ, տարածքը քնելու նախնական քայլերը առնուած են արդէն նախնական քայլը։
Ընդարձակման այս ծրագիրը կարելի պիտի դարձնէ մանկամսուրի մը եւ նախակթարանի նոր դասարաններու, կանգառներու, մարզական դաշտերու կառուցումը եւ այլ յաւելումներ, որոնք պիտի բարելաւեն վարժարանին առաքելութիւնը իրագուծելու ջանքերը։
Յիշեցնենք, որ 2022ի Ապրիլին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին կից՝ Ֆերահեան վարժարանին կից գտնուող 3 արտավար հողաշերտը, որ տարածութեամբ աւելի ընդարձակ է քան ներկայ կալուածը, դարձաւ Ազգային առաջնորդարանի սեփականութիւնը: Այս նոր կալուածը յատկապէս պիտի երաշխաւորէ Ֆերահեան վարժարանի ապագայ գործունէութեան ընդարձակումը՝ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ ընդհանրապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն համայնքի առաւել ծաղկումին: