

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գաղտնիք մը չէ, որ բոլոր հայ կուսակցականները յեղափոխականներ են ու նաեւ՝ չեն: Բայց եւ այնպէս բոլորն ալ ուխտած են դրօշակակիրը ըլլալ եւ մնալ կամովին իրենց ընտրած այդ գաղափարին:
Սակայն նաեւ պէտք է գիտնանք, որ յեղափոխական կուսակցութիւններու շարքերը անհատական սեփականութիւններ ալ չեն: Անոնք, մեր տառապող ժողովուրդին նուիրական աւանդն են, յեղափոխական գաղափարի զոհուածներուն սրբազան կտակը ապրող սերունդներուն համար:
Յեղափոխութեան ճշմարիտ հերոսը, ինք՝ ժողովուրդն է, իր ցասումի, իր տառապանքի արտայայտութիւններէն եւ անոնց յոյսերէն ծնած: Իսկ յեղափոխականը այն անհատն է, որ ծարաւ է իր հայրենիքի ազատութեան, իր հայրենակիցներուն երջանիկ կեանքի ու վրէժխնդրութեան եւ արիւնի, յաղթանակի տիրապետող ոգիով:
Յեղափոխութիւնն ու յեղափոխականը ժողովուրդներու փառքին մաս կը կազմեն եւ ո՛չ… հրապարակներու եւ հանրային պոռչտուքները:
Եւ պատմութիւնը վկայ, հայրենիքը սիրողն ու պատուողը անոնք են, որոնք արդարութեան համար հանդուրժած են բանտը, աքսորն ու մահը:
Մեր մեծերէն սորված ենք, որ յեղափոխական գաղափարները մեզի կու տան առողջ գիծեր, դիմացկուն եւ խիզախ ու անխարդախ հոգի:
Բոլոր յեղափոխականներնն ալ հայրենիքի ազատութեան գաղափարին հաւատքովը կամաւոր զինուորագրեալներն են, որոնք իրենց պատանի տարիքէն իսկ ուխտած են հաւատարիմ մնալ նուիրական գործին, միաժամանակ չնսեմացելով յեղափոխականի գործը, սկզբունքն ու իրենց կատարած երդումը:
Հոս տեղին է աւելցնել, որ ազգային դիմագիծով բոլոր յեղափոխականներն ալ կ՛ապրին խիզախութեամբ, պարկեշտութեամբ, անկեղծութեամբ եւ անսակարկ գաղտնապահութեամբ ու կարգապահութեամբ, միշտ հաւատարիմ իրենց սկզբունքներուն, եւ միշտ յանձնառու՝ իրենց յեղափոխական շարժման եւ վստահուած պարտականութիւններուն:
Ուրեմն, յեղափոխականի կեանքին մեծագոյն նպատակը իր հայրենիքի եւ հոն ապրող ժողովուրդի ազատութեան պաշտպան ու նեցուկ կանգնիլն է, քաջութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, իբրեւ խրոխտ եւ արթուն պահակ:
Ահա էականը իրենց կեանքին մէջ:
Անոր համար բոլոր յեղափոխականներն ալ իրենց հայրենիքին արհաւիրքի եւ տառապանքի անապատին մէջ կը նկատուին իբրեւ մէկական ովասիս: Որովհետեւ, բոլորն ալ կը ձգտին դառնալ մէկական վահան հայրենիքի սահմաններու ապահովութեան եւ պաշտպանութեան, նաեւ՝ ներքին եւ արտաքին խոչընդոտներու դէմ պայքարող, հայրենիքի անդորրութեան սպառնացող ուժերու եւ շարժումներու դէմ անսակարկ կամաւոր ծառայ:
Լաւ յիշենք՝ յեղափոխականը խօսքէն աւելի գործով կը յատկանշուի:
Ինք միշտ պատրաստ է շէնցնել պապենական իր երկիրը, նաեւ՝ զայն փրկել սարսափի եւ դառնութեան ճիրաններէն, չարչարանքի եւ արիւնոտ ճամբաներէն: Ան ամէն գինով կը պոռթկայ եւ նոյնքան ալ կը զոհուի անիրաւութեան դէմ: Միշտ զինուած է անհուն երախտագիտութեամբ, գաղտնապահութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ: Իր զայրոյթին մէջ առկայ են ազատութիւն եւ արդարութիւն գոռացող արձագանգները, եւ որոնք երբեք չեն մարիր:
Դարձեալ մեր մեծերէն սորված ենք, որ հայ յեղափոխականը, հայրենիքի յաւերժութեան գաղափարին նուիրուած ան հայ անհատն է, որ զինուած ու պատրաստ է մարտնչելու իր հայրենի հողին եւ անոր վրայ բնակող ժողովուրդի երջանկութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ մանաւանդ՝ խաղաղութեան, իր ոգեղէն խորհուրդով եւ զէնքերով:
Ան միշտ պատրաստ է զոհելու եւ զոհուելու յանուն պապենական հայրենիքի հողերու պաշտպանութեան եւ անկախութեան ճիգերուն եւ մարտնչումներուն:
Ահա՛, ՀՅ Դաշնակցականն ու եւ ահա՛, 133 տարեկան ՀՅԴն:
Պատիւ բոլորին, եւ յատկապէս իրենց ծնունդ տուող հայ ժողովուրդին: