Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 12րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 24 Յունիս 2007ին, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրապետական մաղթանք»։
Այս առիթով, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին եւ «Հայրապետական մաղթանք»ի յատուկ արարողութիւն։
Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Յիսուսի ներկայացուցած բարի ու քաջ Հովիւի կերպարին, շեշտելով Յիսուսի անձնազոհողութիւնը իր ոչխարներուն համար, «Ան՝ որ իր արիւնով կնքուած ուխտով Հովուապետ եղաւ ամբողջ հօտին» (Եբր. 13.20)։ Նոյն այս Հովուապետն է, որ «երբ յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը» (Ա. Պտ. 5.4) պիտի շնորհէ իրեններուն։ Ընդունիլ Յիսուսը որպէս մեր Հովուապետը՝ կը նշանակէ զԻնք լաւ ճանչնալ։ Իսկ ճանչնալ կը նշանակէ՝ սիրել զԻնք ամբողջ հոգիով, որովհետեւ այդ եզակի սիրոյ ընդմէջէն է որ պիտի կարենանք լսել Յիսուսի ձայնը։
Ապա սրբազանը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, յետեղեռնեան շրջանէն մինչեւ այսօր, յատկապէս շեշտելով վեհափառ հայրապետին արի ու քաջ հովուապետութիւնն ու առաջնորդութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ապա սրբազանը աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, խնդրեց, որ արեւշատութիւն պարգեւէ վեհափառ հայրապետին ու բոլորիս ընծայէ իր հովուապետութիւնը վայելելու երկար տարիներ, աղօթասացին բառերով աւարտելով. «Օրհնէ՛, Հայր ամենակալ, մեր հայրեպետին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի կեանքին օրերը, եւ զօրացուր զինք հոգիով եւ մարմնով, որպէսզի բոլորիս կողմէ փառաւորուած մնայ, քու անուանդ պատիւին համար եւ իբրեւ պարծանք Սուրբ Աթոռոյս»։