Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքով «Լը Մոնտ»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Ատրպէյճանի մէջ այլեւս չեն վստահիր Ֆրանսիային՝ իբրեւ անաչառ միջնորդ:
Ըստ անոր՝ Ֆրանսա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառներէն մէկը «Փարիզի կողմէ Երեւանին մահաբեր զէնքի մատակարարումն է, ինչ որ Հարաւային Կովկասի կը վտանգէ ապահովութիւնը` տարածաշրջանը մղելով նոր ռազմական հակամարտութիւններու եւ սպառազինութիւններու անիմաստ մրցավազքի»:
«Երկար ատենէ ի վեր, իր վնասակար գործողութիւններով Ֆրանսան, որ Հայաստանի նկատմամբ կը ցուցաբերէ ամէն տեսակի դիւանագիտական, տնտեսական, իսկ վերջերս ալ` ռազմական աջակցութիւն, կը վտանգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները», ըսաւ Ամիրպեքով:
Մինչ այդ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 28 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ Պաքուի եւ Փարիզի յարաբերութիւնները կը գտնուին պատմութեան մէջ ամէնէն ցած մակարդակին վրայ: