Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան տարեվերջի իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ութ գիւղերու վերադարձի հարցը կրնայ որոշուիլ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացով` այդ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը օր մը առաջ սահմանազատման գործընթացը կապեց Հայաստանէն Պաքուի պահանջած ութ գիւղերու վերադարձին հետ՝ ըսելով, որ այդ հարցը սեղանին դրուած է բոլոր հանդիպումներուն, եւ որ անոնց պատկանելութիւնը չի վիճարկուիր:
«Կան որոշ տարածքներ, որոնք Ադրբեջանն է նախանշում, եւ կան տարածքներ, որ մենք ենք դրանց մասին խօսում, գործընթացը կարող է կազմակերպուել հետեւեալ կերպ, որ այդ տարածքները որոշակի նախանշուեն, դրանց իրաւաբանական հիմքերը պէտք է հանել, այնուհետեւ տեղի ունենայ երկու գործընթաց` առաջինը` փոխանակում եւ միւսը` ֆիզիքապէս թողնել, զուտ տարածական որոշակի կարգաւորումնէր ունենալ: Կարգաւորում ասելով նկատի ունեմ այն, որ այդ տարածքները որոշակի մակերես ունեն, եւ դելիմիտացիա (սահմանազատում), դեմարկացիա (սահմանագծում) կոչուող երեւոյթը կարող է այս հարցի պատասխանը տալ», ըսաւ Սանոսեան:
Հայաստանցի ներկայացուցիչները աւելի կանուխ հաստատած էին, որ հարցին վերաբերող որոշում չկայ տակաւին: Իսկ լուծման երկու տարբերակ կը նշուի՝ կա՛մ կը պահպանուի ներկայ իրավիճակը, կա՛մ միջերկիրներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ: Այս ծիրին մէջ պաշտօնական Երեւան բացի Արծուաշէնէն, յիշատակեց նաեւ Տաւուշի մարզի քանի մը գիւղերու վարելահողերը:
Սանոսեան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին միջազգային դրամատնային տարբեր նուիրատու կազմակերպութիւններ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին նկատմամբ:
«Նրանք մեզ հետ քննարկումներում փորձում են նախանշել, որ իրենք եւս հետաքրքրուած են, եւ, եթէ այդ ծրագրի որոշ հատուածներում շինարարութիւն կամ այլ գործընթաց իրականացնելու կարիք կայ, ապա իրենք ուրախ կը լինեն ներգրաւուել այդ գործընթացներում: Այնպէս որ ազդակները բաւական դրական են», ըսաւ Սանոսեան։